2013-04-07 12:22:25

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Կիրակնօրեայ ''Ուրախ Լեր'' Մարեմեան Աղօթքը։


Կիրակի 7 ապրիլի կէսօրին, ֆրանչիկոս Սրբազան քահանայապետը իր գրասենեակի պատշգամէն արտասանեց ''ուրախ լեր, թագուհի երկնից'' մարեմեան աղօթքը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։ Մարեմեան աղօթքէն առաջ Սրբազան Հայրը խորհրդածութիւն մը ներկայացուց.

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,
այս կիրակի վերջ կը գտնէ սուրբ Զատկուայ ութօրէքը - ըսաւ Նորին սրբութիւնը - կը նորոգեմ Զատկուայ իմ բարեմաղթութիւններս Յարուցեալ Յիսուսի խօսքերով ''խաղաղութիւն ձեզի''։ Պարզ ողջոյն մը չէ այլ պարգեւ մը, ալ աւելին արժէքաւոր պարգեւ մը որ Քրիստոս կը նուիրէ իր աշակերտներուն, մահէն ու դժոխքէն անցնելէ ետք։
Ան խաղաղութիւն կը պարգեւէ ինչպէս խոստացած էր` ''խաղաղութիւնս կը թողում ձեզի, իմ խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի, զայն չեմ տար ձեզի ինչպէս աշխարհը կու տայ ''( Յովհ 14,27)։ Այս խաղաղութիւնը արդիւնքն է Աստուծոյ Սիրոյ յաղթանակին չարին վրայ, արդիւնքն է ներումին։ Իսկական խաղաղութիւնը կու գայ Աստուծոյ ողորմութեան փորձառութիւնը ապրելով։
Խաղաղութեան հետ միասին Յիսուս իր աշակերնտերուն շնորհեց նաեւ Սուրբ Հոգին, որպէսզի կարենային ի սփիւռս աշխարհ տարածել ''մեղքերու թողութիւնը'', այն ներումը որ միայն Աստուած կարող է տալ Իր Որդւոյն արեան գնով ։ Եկեղեցին Յարուցեալ Քրիստոսի կողմէ ուղարկուած է մարդոց փոխանցելու մեղքերու թողութիւնը, աճեցնելու Սիրոյ Արքայութիւնը ու սրտերուն մէջ խաղաղութիւն սերմանելու, որպէսզի ան (խաղաղութիւնը) տեղ գտնէ փոխյարաբերութիւններու մէջ, հասարակութիւններու մէջ եւ պետական իշխանութիւններու միջեւ։
Սուրբ Հոգին աշակերտներու սրտէն վախը փարատելով զանոնք կը մղէ դուրս ելլելու վերնատունէն եւ աւետարանը քարոզելու ամէնուրէք։
Մենք ալ քաջութիւնը ունենանք վկայելու Յարուցեալ Քրիստոսի մեր հաւատքը։ Պէտք չենք վախնալ քրիստոնեայ ըլլալէ եւ քրիստոնէապէս ապրելէ - ըսաւ Սրբազան Հայրը - ու ապա ներկաներուն յայտնեց թէ յետմիջօրէին Լատերանեան Սուրբ Յովհաննէս պազիլիքայի մէջ Սուրբ Զոհը պիտի մատուցէ։ Ան հաւատացեալները հրաւիրեց աղօթելու Աստուածամօր որպէսզի օգնէ, եպիսկոպոսին եւ ժողովուրդին, ընթանալու հաւատքի եւ սիրոյ ճանապարհով։
Ուրախ լեր աղօթքը արտասանելէ ետք Նորին Սրբութիւնը ողջունեց ներկաները ու բոլորին տուաւ իր առաքելական օրհնութիւնը։







All the contents on this site are copyrighted ©.