Նորին Սրբութիւն ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Հայր Խոսէ Րոտրիկէզ Գարպալլօն նշանակած
է որպէս Աստուածային պաշտամունքի եւ խորհուրդներու մատակարարման Քահանայապետական Խորհուրդի
Քարտուղար, անոր շնորհելով նաեւ Արքեպիսկոպոսի տիտղոս։ Հայր Գարպալլոն ծնած է սպանիայի
մէջ 1953-ին։ 1964-ին կը մտնէ փոքր նորընծայարան ապա կ՛անցնի Հէրպոնի աւագ նորընծայարան
եւ 1971-ին մշտնջենաւոր ուխտերը կը կատարէ անդամակցելով ֆրանչիսկեան միաբանութեան։ Քահանայ
կը ձեռնադրուի Երուսաղէմի մէջ` 28 յունիս 1977-ին։