2013-04-07 10:47:21

Լատերանեան Ս. Յովհաննէսի Պազիլիքայի Հրապարակը Այսուհետեւ Կը Կրէ ''Երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի'' Անունը։


Կիրակի 7 ապրիլի յետմիջօրէի ժամը 5-ին, ֆրանչիկսոս Սրբազան Քահանայապետը, նախքան Հռոմի Թեմի Եպիսկոպոսի Գահակալութեան արարողութիւնը, Հռոմի Լատերանեան Սուրբ Յովհաննէսի Հրապարակի վրայ բացումը կատարեց ''Երանելի ՅՊԲ-ի'' անունը կրող մարմարեայ անուանատախտակին, ի ներկայութեան բազմահազար հռովմէացի քաղաքացիներուն եւ հաւատացեալներուն։ Արարողութեան ներկայ էր նաեւ Հռոմի Քաղաքապետ Տիար Ճաննի Ալէմաննօն ու քաղաքապետարանի այլ ներկայացուցիչներ։ Աոյն արարողութեամբ Հռոմ Քաղաքը ուզեց անգամ մը եւս վերահաստատել իր սէրն ու յարգանքը հանդէպ` երջանկայիշատակ քահանայապետին անոր մահուան 8րդ տարելիցին առթիւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.