ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Հռոմի Թեմի Ստանձման Արարողութեան Յայտագիրը։
Կիրակի 7 Ապրիլի յետ միջօրէին ժամը 5.00 ին Սրբազան Հայրը կը ժամանէ Լատերանեան Սուրբ
Յովհաննէսի Պազիլիքայ ուր զինք կը դիմաւորեն` Հռոմի Թեմի տեղապահ Արքեպիսկոպոս` Կարտինալ
Ակոսդինօ Վալլինին եւ Հռոմի քաղաքապետ` Ճիովաննի Ալէմաննոն։ Նորին Սրբութիւնը բացումը
կը կատարէ Երանելի ՅՊԲ անունը կրող ''մարմարեայ անուանատախտակ'' ի բացումը։ Արդարեւ Սուրբ
Յովհաննէսի Պազիլիքայի դիմաց գտնուող ''Լատերանեան Սուրբ Յովհաննէս'' հրապարակը այսօրուընէ
սկսեալ պիտի կրէ երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ - Քահանայապետ 1978-2005'' անունը Հակիրճ
արարողութեան աւարտին ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Յովհաննէսի պազիլիքայի մէջ
կը գրլխաւորէ ''Հռոմի եպիսկոպոսի գահակալութեան'' սուրբ Պատարագը որուն աւարտին ապա կը
վերադառնայ` Վատիկան։