2013-04-06 12:46:37

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը


Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, այս օրերուն, խորհրդակցական հանդիպումներու շարք մը կ՛ունենայ Վատիկանի Վերին իշխանութեան կարգ մը անդամներուն հետ, որոնց աւարտին հաւանական է որ Ան նոր անուանումներ կատարէ, սկսեալ Վատիկանի Պետական նոր Քարտուղարի նշանակումէն։
Արդարեւ ֆրանչիսկոս Պապը երէկ ուրբաթ 5 ապրիլ 2013-ի առաւօտեան հանդիպում ունեցաւ Հաւատոյ Ժողովի կառավարիչ գերապայծառ Կէրարտ Լուտուիկ Միւլլէրի հետ ու ապա ընդունեց Արեւելեան Ժողովի Կառավարիչը Կարտինալ Լէօնարտօ Սանտրին մինչ այս առաւօտ ժամը 11-ին ընդունեց Եպիսկոպոսներու Ժողովի կառավարիչ Կարտինալ Մարք Ուելլէն ու ապա ընդունեց Աստուածային պաշտամունքի եւ խորհուրդներու մատակարարման Քահանայապետական Խորհուրդի նախագահը կարտինալ Անթոնիօ Գանիսարէս։

Յայտնենք որ, Սուրբ աթոռի հրատարակած տեղեկութեան համաձայն յառաջիկայ Երեքշաբթի 9 ապրիլինի ֆրանչիկոս Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն պիտի շնորհէ ՄԱԿԻ ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունին







All the contents on this site are copyrighted ©.