2013-04-06 12:32:22

Փարիզի Կաթողիկէ Հայոց Նոր Առաջնորդի Գահակալութեան Հանդիսաւոր Արարողութիւն։


Փարիզի Ս Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, կիրակի 7 ապրիլի ժամը 10.ին, հայածէս ձայնաւոր Ս պատարագով սկիզբ կ՝առնէ արհիապատիւ Յովհաննէս Եպիսկոպոս Թէյրուզեանի Կաթողիկէ Հայոց Նոր Առաջնորդի պաշտօնը։
Արարողութեանց կը նախագահէ կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրի կառավարիչը Արեւելեան եկեղեցիներուն ժողովին, եւ կարտինալ Անտրէ Վէանթրուա Փարիզի արքեպիսկոպոսը եւ նախագահը ֆրանսայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին։
Յաւարտ Սրբազան արարողութեանց (ժամը 13-ին) եկեղեցական բարձրաստիճան անձնաւորութիւնները եւ հաւատացեալները պիտի մասնակցին սիրոյ սեղանին, Փարիզի (Maison de la Chimie-ի) մէջ, ողջունելու նոր առաջնորդը արհիապատիւ Յովհաննէս Եպիսկոպոս Թէյրուզեանը,եւ շնորհակալութիւն յայտնելու ու երախտագիտութեան զգացումներ արտայայտելու վաստակաւոր առաջնորդին՝ արհիապատիւ Գրիգոր եպիսկոպոս Կապրոյեանին, որ 36 տարիներ մեծ նուիրումով հովուած է համայնքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.