2013-04-06 12:50:03

Վատիկանի Բարեսիրական Մարմինը 50 Հազար Տոլար Կը Տրամադրէ Արժէնթինի Ջրհեղեղի Զոհերուն։



Վատիկանի Քահանայապետական բարեսիրական մարմինը Գոր Ունում, 50 հազար տոլար տրամադրած է, յանուն Սրբազան Քահանայապետին, որ առաքեալական նուիրակի ձեռքով պիտի յանձնուի Արժէնթինայի Լա Բլադայի Թեմին որպէս շտապ օգնութիւն ջրհեղեղի եւ ողողումի զոհ բնակչութեան։ Յատնենք որ Գոր ունումի օժանդակութենէն բացի, տեղական եկեղեցին ու կաթողիկէ բարեսիրական կազմակերպութիւնները, առաջին օրէն իսկ, գործի լուծուած են տեղահաններուն ապահովցնելու համար շտապ օգնութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.