2013-04-06 08:22:49

Հիւսիսային Քորէա Երկրորդ Պալիստական Հրթիռ Մը Տեղակայած Է Իր Արեւելեան Ծովափին Մէջ


«Վրեմիա»` մէջբերելով «Ռենհափ» լրատու գործակալութիւնը, կը հաղորդէ, որ Փիոնկիանկ միջին հասողութեամբ երկրորդ հեռահար հրթիռը տեղակայած է երկրին արեւելեան ծովափին վրայ: Գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ տեղակայուած հրթիռին թիրախը տակաւին յստակ չէ:
Հինգշաբթի օր «Ռենհափ» գործակալութիւնը հարաւային քորէական եւ ամերիկեան հետախուզական ծառայութիւններուն յղում կատարելով հաղորդած էր, որ Հիւսիսային Քորէան իր արեւելեան ծովափին վրայ «Մուսուտան» տիպի հեռահար հրթիռ տեղակայած է: Ծանօթ է, որ այդ տիպի հրթիռներու թռիչքի հեռաւորութիւնը 3-4 հազար քիլոմեթր է:
Նախապէս հաղորդուած էր, որ Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Ժոնկ Ուն իր զինուորներէն պահանջած է առաջինը կրակ չբանալ:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Կրիկորի Լոկվինով յայտարարած էր, որ ռուս փորձագէտներու կարծիքով, Փիոնկեանկ եւ Սէուլ պատերազմի պիտի չսկսին, սակայն տեղական տագնապը չի բացառուիր:
Նշենք, որ Հիւսիսային Քորէա երէկ Ռուսիայէն պահանջեց Փիոնկեանկի մէջ իր դեսպանատան անձնակազմի անդամները երկրէն հեռացնելու հարցը քննարկել:








All the contents on this site are copyrighted ©.