2013-04-06 12:44:17

Հայաստանի Մէջ Աւելցած Է Ծնունդներուն Թիւը


2012ին Հայաստանի մէջ ծնած է 41 հազար երեխայ, որ նախանցեալ տարուան ցուցանիշէն 1000ով աւելի է: 5 Ապրիլին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է «Վերարտադրողական առողջութեան, պերինատալոգիայի, մանկաբարձութեան եւ գինեկոլոգիայի հանրապետական հիմնարկ»ի տնօրէն Ռազմիկ Աբրահամեանը։ Ան նշած է, որ ինչպէս ամբողջ աշխարհին մէջ, այնպէս ալ Հայաստանի մէջ յղութեան շրջանի օգնութիւնը, ծննդաբերութիւնը եւ այդ հանգրուաններու բժշկութիւնը ունին իրենց հիմնախնդիրները: «Առաջին հիմնախնդիրը մանկական եւ մայրական մահացութիւն է, ինչպէս նաեւ կանանց՝ յղիութեան ընթացքում ուղեկցուող, ներարգանդային եւ սեռական հիւանդութիւնների կանխարգելումը», դիտել տուած է Աբրահամեան: Անոր համաձայն, մօր եւ մանկան առողջութեան պահպանումը աշխարհի ամէնէն արդիական առողջապահական հարցն է։









All the contents on this site are copyrighted ©.