2013-04-05 10:11:17

Ֆրանչիկոս Սրբազան Քահանայապետի Թուիթթերեան Կայքի Հետեւորդները Գերազանցեցին 5 միլիոնը։


Հինգշաբթի 4 ապրիլին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի թուիթթերեան @pontifex կայքի
հետեւորդները գերազանցեցին 5 միլիոնը։
ֆրանչիսկոս պապի ընտրութենէն մինչեւ այսօր հետեւորդներու թիւը հետզհետէ կը բարձրանայ։ Անցեալ 17 մարտին Սրբազան Քահանայապետի հրատարակած առաջին թուիթի առթիւ հետեւորդներու թիւն էր 3.300,000։ 18 օրուայ ընթացքին այս թիւին աւելցան այլ 1700 նոր հետեւորդներ (կայքի 9 լեզուներով), որ միջին հաշիւով կը նշանակէ օրական 94 հազար նոր հետեւորդ։ Յայտնենք որ սպաներէն լեզուի հետեւորդներու թիւը մեծ աճ արձանագրած է ու հաւանաբար կը գերազանցէ անգլերէն լեզուի հետեւորդներու թիւը որ առաջին օրէն ի վեր առաջին կարգը գրաւած էր։








All the contents on this site are copyrighted ©.