2013-04-05 10:18:52

Պատճառներ, նպատակ եւ արդիւնքներ Յիսուսի Յարութեան


Նախապէս տեսանք թէ ինչու Քրիստոսի Յարութիւնը՝ առանցքը կը կազմէ զօրաւոր եւ հաստատակամ հաւատքի: Եւ ըսինք թէ Քրիստոսի հրաշափառ Յարութիւնը քրիստոնեայ աշխարհին եղաւ կեանքի ուղղեցոյցը: Առանց Յարութեան՝ հաւատքը եւ անոր վրայ հիմնուող բոլոր արժէքները դատարկ են քրիստոնեայ մարդուն մէջ:
Իսկ այժմ պիտի տեսնենք որոնք են պատճառները, նպատակները եւ մանաւանդ արդիւնքները Յիսուսի Յարութեան, որ կը կազմէ մեր Քրիստոնեայ հաւատքին հիմնաքարը:
Յիսուսի Յարութիւնը հարկաւոր էր, նախ Աստուծոյ արդարութիւնը յայտնելու համար: Արդարեւ, Աստուած կ՛ուզէր անպայման փառաւորել Այն Անձը, որ Իրեն հնազանդելու համար յօժարած էր խոնարհիլ եւ ամէն անարգանքի ենթարկուիլ: Այս է պատճառը, որուն համար Առաքեալը կը գրէր Փիլիպեցիներուն. «Ինզինքը խոնարհեցուց, հնազանդելով մինչեւ մահը եւ Խաչի մահը. այս պատճառաւ Աստուած Զինքը բարձրացուց (Փիլ. Բ, 8-9):
Յարութեան երկրորդ պատճառն այն է՝ որ հարկաւոր էր զօրացնել մեր մէջ Հաւատքը, առանց որուն մարդս չի կրնար արդարանալ: Որովհետեւ Յիսուսի Քրիստոսի՝ Աստուծոյ Որդին ըլալլու գերագոյն փաստն է՝ մեռելներէն անոր յարութիւն առնելը, իր անձնական զօրութեամբ:
Երրորդ, Յիսուսի Քրիստոսի Յարութիւնը հարկաւոր էր մեր յոյսը վառ պահելու եւ զօրացնելու համար: Ստուգիւ, նովին գործով որ Յիսուս Քրիստոս Յարութիւն առաւ, իրաւունք ունինք հաստատապէս յուսալու որ մենք ալ, օր մը, յարութիւն պիտի առնենք: Այս եզրակացութեան կ՛ուզէր հասնիլ Առաքեալը երբ Թեսաղոնիկէի հաւատացեալներուն կ՛ըէր. « Օրհնեալ ըլլայ մեր Տիրոջ, Յիսուսի Քրիստոսի Հայրը, որ ըստ իր մեծ ողորմութեան, մեզ վերստին ծնաւ Յիսուսի Քրիստոսի յարութեամբ ի մեռելոց, մեզի տալով անկորնչելի ժառանգութեան մը վառ յոյսը (Ա. Կոր. ԺԵ. 12):
Վերջապէս, աւելցնենք, որ Փրկչին Յարութիւնը հարկաւոր էր կատարելագործելու համար մեր Փրկութեան եւ Փրկչագործութեան Խորհուրդը: Իր մահով, Յիսուս Քրիստոս մեզ ազատած էր մեղքերէն. իր յարութեամբ վերադարձուց այն բարիքները, զորս մեղքը մեզմէ խլած էր: Ահա թէ ինչու Առաքեալը ըսաւ. « Յիսուս Քրիստոս մատնուեցաւ մեր մեղքերուն համար, եւ յարութեան առաւ մեր արդարաձման համար» (Հռոմ. Դ, 25):
Ինչ որ Աստուած կատարած է Փրկչագործութեան այս Խորհուրդին միջոցաւ, այդ ըրած էր գործածելով իր Որդւոյն մարդկութիւնը, իբրեւ ազդու միջոց մը: Այսպէսով, Անոր յարութիւնը եղած է միջոց մը, մեր յարութիւնը պատճառելու համար: Ինչպէս որ Յիսուսի Քրիստոսի մարմինը, յարութիւն առնելով, զգեցաւ անմահ փառք մը, այնպէս ալ մեր մարմինները, այսօր տկար եւ մահկանացու, պիտի ըլլան, օր մը, յարութենէն ետք, փառաւոր եւ անմահ: Որովհետեւ, կ՛ըսէ Առաքեալը. « կը սպասենք մեր Փրկչին եւ Տիրոջ, Յիսուսի Քրիստոսի, որ պիտի վերակազմէ մեր խոնարհած մարմինը, զայն դարձնելով փառաւոր, իր մարմնին նման» (Փիլ. Գ, 20-21):
Հռոմէացիներու նամակին մէջ կը կարդանք. « Ինչպէս որ Յիսուս Քրիստոս յարութիւն առաւ մեռելներէն, իր Հօր փառքով, այսպէս ալ մենք պէտք է ընթանանք նոր կեանքով մը: Որովհետեւ, եթէ, իր մահուան նմանութեամբ պատուաստուեցանք իր վրայ, պիտի պատուաստուինք նաեւ իր Յարութեան նմնաութեամբ»: (Հռոմ. Զ, 4-5): Քիչ մը անդին կ՛ըսէ նաեւ. « Գիտենք որ մեռելներէն յարուցեալ Քրիստոսը այլեւս չի մեռնիր եւ մահը այլեւս Անոր վրայ իշխանութիւն չունի: Որովհետեւ, եթէ մեռաւ մեր մեղքը քաւելու համար, մէկ անգամ մեռաւ. եւ հիմա կ՛ապրի Աստուծոյ համար: Այսպէսով դուք զձեզ նկատեսէք մեռած՝ մեղքին համար, եւ ապրող՝ մի միայն Աստուծոյ համար, Յիսուս Քրիստոսով (Հռոմ. Թ, 10-11):
Արդարեւ Առաքեալին այս խօսքերը մեզի կը սորվեցնեն թէ Յիսուսի Յարութիւնը մեզի կու տայ զօրութիւնը՝ օր մը յարութիւն առնելու, եւ մինչ այդ, մեզի կը շնորհէ հարկաւոր լոյս եւ ոյժ, որպէսզի յարատեւենք սրբութեան, արդարութեան եւ աստուածային պատուիրաններու պահպանման մէջ:
Ինչպէս որ Յիսուսի մահը օրինակ մըն է մեզի համար որպէսզի մեռնինք մեղքի, այնպէս ալ իր Յարութիւնը մեզի կը հայթայթէ հարկաւոր ոյժը որպէսզի ըլլանք արդար, ծառայենք Աստուծոյ բարեպաշտութեամբ եւ սրբութեամբ, եւ նոր եւ կատարեալ կեանք մը սկսիլ՝ ճաշակելով ինչ որ բարի է, պարկեշտ է, արդար է եւ սուրբ:








All the contents on this site are copyrighted ©.