2013-04-05 10:11:34

Հարաւային Քուրիայի Մէջ Քրիստոնեաներու Թիւը կը Շարունակէ Յաւելում Արձանագրել։


Կաթողիկէ հաւատացեալներու թիւը յարատեւ կ'աճի Հարաւային Քուրիային մէջ։ Ներկայիս անոնք կը ներկայացնեն բնակչութեան 10 տոկոսը` աւելի քան 5,3 միլիոն հաւատացեալ։ Կաթողիկէ համայնքը երիտասարդ դիմագիծ մը ունի, հաւատացեալներու 89 տոկոսը 20-30 տարեկան է։ Երկրին մէջ Եկեղեցին շատ յարգուած է իր յանձնառու դիրքին համար ու ընկերային հարցերու շուրջ մղած պայքարին համար։ Ժողովրդապետութիւններէն ներս բազմաթիւ են բարեսիրական կազմակերպութիւնները ու հանդիպումները հաւատացեալներու միջեւ, որոնք կը նպաստեն հաւատքի խորացումին ու ապրումին։








All the contents on this site are copyrighted ©.