2013-04-05 10:08:59

Հայաստանի Բնակիչներուն 40 Տոկոսը Կ՛ուզէ Ընդմիշտ Լքել Երկիրը


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– «Կելլոփ Ուըրլտ» հարցախոյզին մասնակցած յետխորհրդային երկիրներու բնակիչներէն հայրենիքը ընդմիշտ լքելու փափաք յայտնողներու մեծագոյն թիւը արձանագրուած է Հայաստանի մէջ։
«Կելլոփ Ուըրլտ» միջազգային կեդրոնին մէջ «ԱՊՀ երկիրներու սահմանները լքելու ցանկութիւն» հարցախոյզը կատարուած է 2010-2012ին՝ յետխորհրդային 12 երկիրներու մէջ: Հարցումները ուղղուած են հարցազրոյցի ճամբով, որուն մասնակցած է 41 հազար անձ՝ 15 տարեկանէն սկսեալ։
Այդպիսով, Հայաստանը ընդմիշտ լքելու փափաք յայտնած է հարցախոյզին մասնակիցներուն 40 տոկոսը։ Յաջորդ դիրքին վրայ է Մոլտովիան՝ 32 տոկոս: Երրորդ դիրքը կը գրաւէ Ուքրանիան (21 տոկոս), չորրորդ՝ Պելոռուսը (17 տոկոս), իսկ հինգերորդը Ղրղըզստանն է (16 տոկոս): Հայրենիքէն հեռանալու նուազագոյն փափաք ունեցողները Իւզպեքիստանի՝ 5 տոկոս, Թուրքմէնիստանի՝ 6 տոկոս, Տաճիկիստանի՝ 11 տոկոս եւ Ղազախստանի՝ 13 տոկոս, բնակիչներն են:
Միջին հաշուով հարցախոյզին մասնակցած յետխորհրդային պետութիւններուն մէջ ապրողներէն 15 առ հարիւրը կ՛ուզէ արտագաղթել։ Մասնակցածներու 52 տոկոսը որպէս հիմնական պատճառ նշած է կենսամակարդակը բարելաւելու փափաքը: Պատասխանողներուն 13 տոկոսը նշած է, որ պատրաստ է լքելու հայրենիքը՝ իր զաւակներուն ապագային համար, իսկ 10 տոկոսը՝ աշխատանքի բացակայութեան կամ աշխատանքի ընդունուելու խն-դիրներուն պատճառով:
Հայրենիքը լքելու այլ պատճառներու շարքին նշուած է նաեւ ընկերային ապահովուածութեան ցած մակարդակը (պատասխանողներուն 4 տոկոսը), հարազատներուն մօտ ըլլալու փափաքը կամ միտումը ապրելու այնպիսի երկիրի մը մէջ, ուր մարդու իրաւունքները պաշտպանուած են (3 տոկոս):








All the contents on this site are copyrighted ©.