2013-04-04 14:53:35

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Մօտիկութիւնը Արժէնթինայի Ջրհեղեղի Զոհերուն:


Տասնեակ զոհեր եւ հազարաւոր տեղահանուածներ, տեղատարափ անձրեւներու պատճառաւ որ վերջին ժամերուն տեղացին Պուէնոս Այրէսի վրայ։
Սրբազան Քահանայապետի մտահոգութիւնն ու մօտիկութիւնը Արժէնթինայի ջրհեղեղի ենթակայ բնակչութեան ներփակուած է Կարտինալ Պէրթոնէի ստորագրութիւնը կրող պատգամի մը մէջ, որուն մէջ Նորին Սրբութիւնը կը քաջալերէ քաղաքացիական եւ եկեղեցական իշխանութիւններն ու բարի կամք ունեցող մարդիկը որ քրիստոնէական զօրակցութեան հոգիով եւ բարեգթութեամբ օգնութեան հասնին բոլոր անոնց որ կորսնցուցին իրենց տուներն ու սեփականութիւնները։ Նորին Սրբութիւնը պատգամին մէջ, ի նշան մօտիկութեան, բոլորին կը ջամբէ իր առաքելական օրհնութիւնը։

- Այսօր 4 ապրիլ 2013-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Հայրը ժամը 11-ին իր գրասենաեկի մէջ ընդունեց Ժողովուրդներու աւետարանցումի քահանայապետական ժողովի կառավարիչը` կարտինալ ֆէրնանտօ ֆինոնին ապա ժամը 12-ին ընդունեց` Սուրբ Պօղոս Պազիլիքայի Աւագերէց` կարտինալ Ժէյմս Միքայել Հարվէյը, հուսկ ժամը 12,30 ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Հաղորդութեան միջազգային համագումարներու յանձնաժողովի նախագահ` գերապայծառ Բիէթրօ Մարինին։








All the contents on this site are copyrighted ©.