2013-04-04 14:56:35

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Քաղաքական Անձնաւորութիւններուն Յարգելու Երկրին Սահմանադրութիւնը Եւ Ապահովութիւնը Անջատելու Քաղաքականութենէն


Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը երէկ առաւօտեան Պքերքէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ Պշարա Ռայի պատրիարքին:
Նիստէն ետք Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդին հրապարակած հաղորդագրութիւնը կարդաց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ
Սամիր Մազլում եպիսկոպոսը, որ շեշտեց, թէ Լիբանան իր բոլոր զաւակներուն կը պատկանի եւ աւելցուց, որ բոլոր լիբանանցիները պատասխանատու են Լիբանանին:
«Ճշմարտութեան ժամը հասած է: Կոչ կ՛ուղղենք լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւններուն յարգելու երկրին սահմանադրութիւնը: Երկիրը անձնական ծրագիրներու դաշտ մը չէ եւ այս կամ այն քաղաքական ուժին սեփականութիւնը չէ: Բոլորդ պատասխանատու էք երկրին ազգային միասնականութեան ամրապնդումին: Ոչ ոք կրնայ երկրին քաղաքական իշխանութիւնը իր անձնական շահերուն ծառայեցնել, այլ անհրաժեշտ է երկրին իշխանութիւնը բարելաւել: Ապահովական կառոյցները կարելի չէ այս կամ այն քաղաքական ուժին սեփականութեան վերագրել, որովհետեւ այդ մօտեցումը կ՛արգելակէ Լիբանանի դերակատարութիւնը եւ զայն դարձեալ կը մղէ դէպի ապահովական ապակայունութիւն», ըսաւ Մազլում եպիսկոպոս:
Ան զգուշացուց նաեւ անիշխանութենէն` աւելցնելով, որ անիշխանութիւնը երկիրը կը մղէ դէպի քաղաքական քաոս եւ ոչ ոքի շահերուն կը ծառայէ:








All the contents on this site are copyrighted ©.