2013-04-04 14:54:54

Թել Աւիւ Ղպտի Տասնեակներով Ընտանիքներու Իսրայէլ Գաղթելու Իրաւունք Կու Տայ


Իսրայէլեան ձայնասփիւռի կայանը յայտարարեց, որ իսրայէլեան իշխանութիւնները յայտարարած են, որ ղպտի տասնեակներով ընտանիքներու, որոնք Եգիպտոսէն Թել Աւիւ հասած են, իրաւունք տուած է Իսրայէլ հաստատուելու: Կայանին կայքէջը հաղորդեց, որ Թել Աւիւ այդ ընտանիքներուն Իսրայէլ ապաստանելու իրաւունք տուած է, պայմանաւ որ անոնց մօտ ըլլան պաշտօնական փաստաթուղթեր, որոնք ցոյց կու տան, որ Եգիպտոսի մէջ հալածանքի ենթարկուած են:
Ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս զարգացումը տեղի կ՛ունենայ, մինչ եգիպտացի ղպտիներ կը շարունակեն Իսրայէլ ճամբորդել` այցելելու համար սրբազան վայրերը, հակառակ անոր որ ղպտի եկեղեցին իր հաւատացեալներուն արգիլած է մինչեւ Երուսաղէմի իսրայէլեան բռնագրաւումէն ազատագրումը Իսրայէլ այցելել:
Ղպտիներու Թէոդորոս Բ. պապը յայտարարած է, որ կառչած կը մնայ իր նախորդին` Շնոտա Գ. պապին բռնագրաւեալ Երուսաղէմ այցելութիւնը արգիլող որոշումին, որ օրին Շնոտա Գ. պապին եւ Եգիպտոսի նախկին նախագահ Անուար Սատաթի միջեւ տագնապ մը ստեղծած էր:








All the contents on this site are copyrighted ©.