2013-04-04 14:54:25

Գերերջանիկ Թաուատրոս Բ Փափաք Յայտնած է Հանդիպում Ունենալու ֆրանչիսկոս Քահանայապետին Հետ։


Գերերջանիկ Թաուատրոս Բ` օրթոտոքս ղպտիներու պատրիարքը, երեք ապրիլին պատրիարքարանին մէջ ընդունելով Վատիկանի առաքելական դեսպանը` գերապայծառ Ժան Փոլ Կոպէլ, հաստատած է իր կամքը աւելի սերտացնելու իր եկեղեցւոյ կապերը կաթողիկէ եկեղեցւոյ հետ։
Ան փափաք յայտնած է նաեւ հանդիպում ունենալու ֆրանչիսկոս Պապին հետ։
Յայտնենք որ Շանուտա Գ պատրիարքը 1973-ին հանդիպում ունեցաւ Պօղոս Զ Քահանայապետին հետ եւ այդ թուականէն սկսեալ երկու եկեղեցիներու միջեւ երկխօսութիւնը եւ համագործակցութիւնը աւելի զարգացաւ։
Եգիպտոսի օրթոտոքս ղպտիները կը հաշուեն շուրջ 10 միլիոն հաւատացեալներ, անոնք կը ներկայացնեն արաբական աշխարհին մեծագոյն համայնքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.