2013-04-04 15:05:29

Աշխարհի Մէջ 1,3 Միլար Մարդիկ Աղքատութեան Մէջ Կ՛ապրին։


Համաշխարհային Դրամատան վերջին տուեալներու համաձայն, աշխարհի վրայ 1,3 միլար անձինք իրենց ապրուստը կ՛ապահովեն օրական միայն 1,25 տոլարով ։
Թէեւ վերջին 30 տարիներուն աշխարհի վրայ աղքատութիւնը նուազած է սակայն հարցը տակաւին մտահոգիչ կը մնայ։ Աղքատներու 50 առ հարիւրը կ՛ապրի Հնդկաստանի, Չինաստանի եւ Պրազիլի մէջ, հակառակ որ 1960 ական թուականներէն ասդին, 600 միլիոն մարդ կարողացաւ դուրս գալ աղքատութեան ծայրայեղ անկայուն վիճակէն ու աղքատութեան համեմատութիւնը իջաւ 42էն` 19 տոկոս։
Հարաւային Ասիոյ մէջ կեդրոնացած են աղքատներու ամէնամեծ թիւը` 571 միլիոն, մինչ ափրիկեան ցամաքամսը ունի 386 միլիոն աղքատներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.