Ամերիկացի Գիտնական Մը Կ՛ահազանգէ Մրենի Տաճարի Փլուզման Վտանգին Մասին
«Արմինիըն Ռիփորթըր» պարբերականը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Թաֆթս համալսարանէն
փրոֆ. Քրիսթինա Մարանջի կոչ ուղղած է պահպանելու Կարսի շրջանին մէջ գտնուող Մրենի տաճարը: Փրոֆ.
Մարանջի, որ կ՛ուսումնասիրէ բիւզանդական շրջանի ճարտարապետութիւնն ու մշակոյթը, ինչպէս
նաեւ Անդրկովկասի, մասնաւորաբար` Հայաստանի ճարտարապետութիւնը, կը նշէ, որ տաճարը փլուզման
վտանգի տակ է: «638-ին թուագրուող Մրենի վանքը համաշխարհային մշակոյթի գլուխ գործոց
է եւ հայկական ճարտարապետութեան «Ոսկեդար»-ի ձեռքբերումը», ըսած է գիտնականը: Ան նշած
է, որ Բիւզանդիոնի կայսր Հերակլիոսին պատկանող գրութիւն եւ իւրայատուկ բարձրաքանդակ կայ,
որ կը պատմէ իսկական խաչը Երուսաղէմ վերադարձնելու մասին: «Մրենի տաճարը անգնահատելի
նիւթ կը պարունակէ պատմութեան ամէնէն ողբերգական եւ տակաւին քիչ փաստարկուած պահերէն
մէկուն մասին», ըսած է ան: Քրիսթինա Մարանջի մտահոգ է, որ Մրենի տաճարը կրնայ այլեւս
չդիմանալ: 1990-ական թուականներուն եւ 21-րդ դարու առաջին տասնամեակներուն ընթացքին
առնուած լուսանկարները ցոյց կու տան, որ եկեղեցւոյ հիւսիսային ճակատը աստիճանաբար կը
կործանի