2013-04-03 13:31:06

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը։


"Քրիստոսի Յարութիւնը մեր Ոյժն է"

Չորեքշաբթի 3 Ապրիլ 2013-ի առաւօտեան ժամը 10,30-ին ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակային ունկնդրութիւնը շնորհեց Սուրբ Պետրոսի Հրապարակի վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն։
Սրբազան Հայրը Սուրբ Պետրոս հրապարակ ժամանեց Քահանայապետական ինքնաշարժով ու հրապարակի շրջանը կատարելէ եւ հաւատացեալները ողջունելէ ետք բարձրացաւ Սուրբ Պետրոսի տաճարի դռան առջեւ զետեղուած ամպիոնը ուրկէ ներկաներուն փոխանցեց իր պատգամը որուն մէջ ըսաւ։
Այսօր կը վերսկսինք Հաւատոյ Տարուայ մասին խորհրդածութիւնները։ Հաւատամքի մէջ կը կրկնենք ''երրորդ օրը Յարութիւն առաւ''։ Ու այս է իրադարձութիւնը զոր կը տօնախմբենք։ Յիսուսի Յարութիւնը քրիստոնէութեան պատգամին կեդրոնն է։ Յսրութիւնը որ մեզի յոյս կը ներշնչէ որովհետեւ մեր ու աշխարհի կեանքին առջեւ կը բանայ Աստուծոյ յաւիտենականութեան դռները, իսկական շնորհքը, այն հաւաստիութիւնը որ չարը, մեղքըն ու մշահը կարելի է յաղթել։Հաւատալ Յիսուսի Յարութեանը կը նշանակէ վստահութեամբ ապրիլ առօրեայ իրադարձութիւնները ու զանոնք դիմագրաւել քաջութեամբ։
Քրիստոսի Յարութիւնը մեր ուժն է ըսաւ Սրբազան Հայրը ու յայտնեց թէ այս դէպքին առաջին վկաները եղած են կիները։ Անոնք կը հաւատան, ապա այս պատգամը կը փոխանցեն ուրիշներուն։ Ուրախութիւնը իմանալու թէ Յիսուս կենդանի է, յոյսը որ սրտերը կը լեցնէ անսահման է։ Մենք մեզի չի պահենք քրիստոնեայ ըլլալու ուրախութիւնը։ Քաջութիւնը ունենանք դուրս ելլելու ու այս լոյսը տարածելու ամենուրէք։ Աստուած իր վկաները չ՛ընտրեր մարդկային տրամաբանութեան համաձայն։ Անոր համար սիրտն է որ արժէք ունի։ Հարկ է գիտնալ թէ Աստուած մեզ կը սիրէ, ու գիտնալ իր այս սիրոյ արտայատութիւնները նշմարել մեր կեանքէն ներս ու վախ չ՛ունենալ Զինք սիրելէ։ Թոյլ տանք որ Քրիստոսի յարութեան լոյսը մեզ լուսաւորէ, թոյլ տանք որ անոր զօրութեամբ բարեփոխուինք որպէսզի մեր միջոցաւ նաեւ աշխարհի մէջ մահուան նշանները տեղ տան կեանքին։
Իր ճարին աւարտին Սրբազան Քահանայապետը յատուկ ողջոյն մը ուղղեց հրապարակը գտնուող երիտասարդներուն ըսելով` հրապարակի վրայ նշմարեցի բազմաթիւ երիտասարդներու ներկայութիւնը։ Ձեցի կ՛ըսեմ` յառաջ տարէք այս հաւաստիքը, Տէրը ողջ է ու մեզի կ՛ընկերանայ մեր կեանքի ընթացքին. Այս է ձեր առաքելութիւնը յառաջ տանիլ այս յոյսը։ Կառջած մնացէք անոր։ Դուք Յիսուսի վկաները յառաջ տարէք այն վկայութիւնը թէ Քրիստոս կենդանի է ու ասիկա յոյս պիտի ներշնչէ մեզի ու այս աշխարհին որ քիչ մը ծերացած է պատերազմի, չարի ու մեղքի պատճառաւ։ Յառաջ Երիտասարդներ։
Ունկնդրութեան աւարտին նորին սրբութիւնը զանազանք լեցուներով ողջունեց ներկայ հաւատացեալներու խումբերը ու ապա բոլորին ջամբեց իր հայրական օրհնութիւնը։











All the contents on this site are copyrighted ©.