2013-04-03 11:10:01

Հալէպի Մէջ Զինեալներ Փորձած Են Ներթափանցել Հայկական Թաղամասեր. Քանի Մը Հայեր` Վիրաւոր


Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան «Արմենփրես» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցին ընթացքին տեղեկացուց, որ նախորդ քանի մը օրերուն Հալէպի մէջ բուռն բախումներ ընթացան Սուրիոյ կառավարական ուժերուն եւ ընդդիմադիր զինեալներուն միջեւ, եւ անոնք մօտեցած են հայկական թաղամասերուն: Ան աւելցուց, որ բախումներ կ՛ընթանային մասնաւորաբար Շէյխ Մախսուտ թաղամասին մէջ, որ բաւական մօտ է հայկական թաղամասերուն: Այդ թաղամասը հիմնականին մէջ քիւրտերով բնակուած է եւ այնտեղ նաեւ քիչ թիւով հայեր կան: Տեղւոյն հայերը, ապահովութեան նկատառումներէ մեկնելով, տեղափոխուած են այլ շրջաններ: Հալէպահայ շտապօգնութեան մարմինը կը փորձէ ըստ կարելւոյն հոգ տանիլ անոնց:
Ռէյիսեան նաեւ տեղեկացուց, որ այս օրերուն զինեալները փորձած են ներթափանցել այդ թաղամասերը եւ քանի մը ռումբեր պայթած են այդ թաղամասերուն մէջ: Պայթումներուն պատճառով քանի մը հայեր վիրաւորուած են: Բարեբախտաբար, անոնք լուրջ վնասուածքներ չեն ստացած: Վտանգ կայ, որ հայկական թաղամասերը կրնան բախումի շրջաններու վերածուիլ:
«1 ապրիլին, երբ մարդիկ սովորաբար մեռելոցին գերեզմանատուն կ՛երթան, այս տարի ատիկա տեղի չունեցաւ, քանի որ շրջանը թէժ բախումային շրջան կը նկատուէր, անոնք միայն մասնակցեցան եկեղեցական արարողութեան», նշեց Ժիրայր Ռէյիսեան:
Բացի անկէ, Հալէպը արդէն 4-5 օրէ ի վեր հոսանքազրկուած է, որոշ թաղամասերու մէջ աղբահանութեան խնդիրներ կան: Մարդիկ կը փորձեն իրենց միջոցներով աղբը հաւաքել, որպէսզի աղբերու կուտակումը հիւանդութիւններու պատճառ չդառնայ:
ՄԱԿ-ի տուեալներով` Սուրիոյ մէջ արդէն երկու տարիէ ի վեր շարունակուող բախումներուն պատճառով զոհերու թիւը կը գերազանցէ 70 հազարը, որոնց շարքին զոհուած հայերու թիւը մօտ է 50-ի: Ինչ կը վերաբերի երկու տարուան ընթացքին երկրէն հեռացած սուրիացիներուն, ապա անոնց թիւը դրացի երկիրներուն մէջ գերազանցած է մէկ միլիոնը:
(Աղբիւր` Ազդակ)








All the contents on this site are copyrighted ©.