2013-04-03 12:46:13

Կիւրիւնի Հայկական Եկեղեցին Եւս Պիտի Նորոգուի


Անատոլուի զանազան քաղաքներու մէջ հայկական եկեղեցիներ նորոգելու նոր հոսանքին մէջ կարգը հասած է Սվազի Կիւրիւն գաւառակի հայկական եկեղեցիին։ Արդարեւ՝ Կիւրիւնի քաղաքապետ Մեհմետ Աքթաշ յայտարարեց, թէ տեղական իշխանութիւնները պատմական յուշարձաններու վերանորոգութեան մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայեն եւ այժմ նախաձեռնած են վերականգնելու Փընարպաշը թաղամասին մէջ գտնուող, 19րդ դարուն պատկանող եւ շրջան մը իբրեւ բանտ, ապա շարժապատկերի սրահ ու շտեմարան գործածուած հայկական եկեղեցին։
Քաղաքապետութիւնը այդ շէնքը գնած է սեփականատիրոջմէն եւ անոր շուրջբոլորը եւս սկսած է ապասեփականացնելու։ Եկեղեցւոյ շուրջը պեղումներ կը կատարուին։ Վերանորոգութեան ծրագիրը վաւերացուած է Պատմական հնութիւններու պաշտպան խորհուրդի տնօրէնութեան կողմէ։
Նորոգութենէն ետք, եկեղեցին պիտի գործածուի իբրեւ մշակութային կեդրոն։ Ս. Մարիամ Աստուածածին կոչուած եկեղեցին կրնայ պատճառ դառնալ, որ մեծ թիւով զբօսաշրջիկներ այցելեն Կիւրիւն։
«Եկեղեցին վերականգնելու որոշումը ողջունելի է, անկասկա՛ծ, սակայն պայմանաւ, որ ան պահուի որպէս եկեղեցի, որքան ալ արարողութիւն չկատարուի հոն։ Եկեղեցին մշակոյթի կեդրոնի մը վերածելը բոլորովին տարբեր ուղղութիւն կու տայ վերանորոգուած շէնքին։ Եթէ իրատես աչքով նայինք, ապա եկեղեցին մշակոյթի կեդրոնի մը վերածելը մեծ տարբերութիւն մը չունի անցեալին զայն որպէս բանտ կամ շտեմարան գործածելէն։ Աղթամարի եկեղեցին ալ նորոգուեցաւ, բայց պահուեցաւ որպէս հին եկեղեցի», կը գրէ Պոլսոյ «Մարմարա»։








All the contents on this site are copyrighted ©.