2013-04-02 14:42:19

Նորին Սրբութիւն ֆրանչիսկոս Քահանայապետին Գործունէութիւնը


Սրբազան Հօր ''Թագուհի Երկնից'' Մարեմեան Աղօթքը:
Երկուշաբթի մէկ ապրիլ 2013, երկրորդ օրը Քրիստոսի փառաւոր յարութեան, օր հեշտակի` ըստ լատինաց եւ օր մեռելոց` ըստ հայ եկեղեցւոյ, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կէսօրին ''Ուրախ լեր Թագուհի'' մարեմեան աղօթքը արտասանեց իր գրասենեակի պատշգամէն, աւելի քան 40 հազար հաւատացեալններու եւ ուխտաւորներու ներկայութեամբ։
Մարեմեան աղօթքէն առաջ, նորին սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց.
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր. Քրիստոս յաղթեց չարին մեզի կը մնայ ընկալել այս յաղթութիւնը մեր կեանքին, մեր ընկերութեան եւ պատմութեան մէջ։ Թող ատելութիւնը տեղ տայ սիրոյ, սուտը` ճշմարտութեան, ոխակալութիւնը` ներումի, տխրութիւնը` ուրախութեան։ Հարկ է որ Յարութեան Խորհուրդը ներգործէ մեր վրայ ու մեր ժամանակին մէջ։ Ապա Նորին Սրբութիւնը խօսքը ուղղելով տառապողներու ըսաւ Քրիստոսի Յարութեան զօրութիւնը թող հասնի ամէն անհատի, եւ մասնաւորապէս տառապողին եւ բոլոր անոնց, որոնք կարիքը ունին վստահութեան ու յոյսի։
Քրիստոսի Յարութեան շնորհքը կը ներփակէ վերանորոգումը անհատին, ընտանիքներու կեանքին ու ընկերային յարաբերութիւններուն միջեւ։ Այո, մկրտութեամբ մենք դարձանք Աստուծոյ որդիներ, Ս. Հաղորդութեամբ կը միանանք Քրիստոսին։ Այս խորհուրդներու շնորհիւ մենք պէտք է բարեփոխենք մեր կեցուածքը, մեր ընթացքը եւ մեր ընտրութիւնները։ Այս ամէնը կը կատարուի մարդու սրտին միջոցաւ։ Եթէ ես թոյլ տամ որ Յարուցեալ Քրիստոսի շնորհքը յուզէ սիրտս, բարեփոխէ ընթացքս չարէն դէպի բարի, թոյլ կու տամ ինքզինքիս որ Քրիստոսի յաղթանակը հաստատուի իմ կեանքի մէջ ու իմ շուրջը ծաւալի։ Այս է զօրութիւնը շնորհքին։ Առանց շնորհքի ոչ մէկ բանի կարող ենք։ Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր ասիկա պէտք է ըլլայ մեր ամէնօրեայ յանձնառումը, մեր ամէն ամէնօրեայ ուրախութիւնը։
Այս խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը բոլորին կրկին շնորհաւորեց Ս. Զատիկը։
Յայտնենք ''Ուրախ լեր Թագուհի'' կամ ՜՜Թագուհի Երկնից՝՝ մարեմեան աղօթքը, յօրինուած՝ ԺԲ. դարուն, կը կազմէ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Ս. Կոյս Մարիամին ի պատիւ հիւսուած չորս տաղերէն մէկը։ Անիկա կը փոխարինէ ''Հրեշտակ Տեառն'' աղօթքը, զատկական շրջանին` Քրիստոսի Յարութեան տօնի օրէն մինչեւ Պենետեկոստէի կիրակին։








All the contents on this site are copyrighted ©.