2013-04-02 14:50:10

«Ցեղասպանութեան Որբերը» Ֆիլմը Պիտի Ցուցադրուի Ֆրեզնոյի «Վելի Փի.Պի.Էս.» Հանրային Պատկերասփիւռի Կայանէն:


Հայկական Ցեղասպանութենէն որբացած հարիւր հազարաւորներուն նուիրուած «Ցեղասպանութեան Որբերը» վաւերագրական շարժապատկերը Հինգշաբթի, Ապրիլ 18ի երեկոյեան պիտի ցուցադրուի Ֆրեզնոյի «Վելի Փի.Պի.Էս.» հանրային պատկերասփիւռի կայանէն:
Ցուցադրութիւնը մաս կը կազմէ կայանի դրամահաւաքի արշաւին եւ իբրեւ ներկայացնող ունի «Օսքար»ի արժանացած «Տը Արթիսթ» ֆիլմի դերակատարներէն Քեթ Դաւիթեանը: Նուիրատուները պիտի ստանան ֆիլմէն ու անոր ընկերակցող գրքոյկէն օրինակներ:
«Արմենոյտ» ընկերութեան կողմէ արտադրուած ֆիլմը պատրաստուած է շրջանային 4 «Էմմի» մրցանակներու տիրացած Պարէտ Մարոնեանի կողմէ, հիմնուած պատմական արխիւներու, հարցազրոյցներու յուշերու եւ վկայութեանց վրայ:
«Արմենոյտ» ընկերութիւնը կոչ կ՛ընէ ամերիկահայութեան, որ իր շրջանի հանրային պատկերասփիւռի կայաններուն հետ կապ հաստատելով՝ խնդրէ, որ ֆիլմը նաեւ այդ շրջաններուն մէջ ցուցադրուի, յատկապէս՝ Ապրիլ ամսուան ընթացքին:









All the contents on this site are copyrighted ©.