2013-03-31 12:12:18

Քրիստոս Յարեաւ Ի Մեռելոց։
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի ՝՝Urbi et Orbi՝՝ Առաքելական Պատգամը։


Այսօր Կիրակի 31 Մարտ։ Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան Տօնն է։
Առաւօտեան ժամը 10.15ին ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի Հրապարակին վրայ, նախագահեց Սուրբ Զատկուայ արարողութիւնը 250 հազարէ աւելի հաւատացեալներու մասնակցութեամբ։
Սուրբ Զոհի աւարտին Նորին Սրբութիւնը Սուրբ Պետրոսի կեդրոնական պատշգամէն համայն աշխարհին ուղղեց ՝՝ Urbi et Orbi ՝՝ առաքելական պատգամն ու օրհնութիւնը, որ կը նշանակէ Հռոմ քաղաքին ու համայն աշխարհին ուղղուած պատգամը։

Հռոմ քաղաքի ու համայն աշխարհի սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,
մեծ ուրախութեամբ է որ ձեզի կու տամ այս աւետիսը` Քրիստոս Յարեաւ։
Պիտի ուզենամ որ այս լուրը հասնի ամէն տուներուն մէջ, ամէն մէկ ընտանիքին, նա մանաւանդ հոն ուր կայ տառապանք, հիւանդանոցներուն մէջ, բանտերու մէջ... Յատկապէս կ՛ուզեմ որ այս հասնի ամէն սրտերուն, որովհետեւ հոն է որ Աստուած կ՛ուզէ սերմանել Բարի Աւետիսը։ Քրիստոս Յարեաւ, քեզի համար յոյսի նշան, այլեւս մեղքին ու չարին ստրկութեան տակ չես ապրիր։
Սէրը յաղթող է, արեգթութիւնը յաղթող է բ։ Մենք եւս այն կիներուն նման որ Յիսուսի գերեզմանը այցելեցին կրնանք հարցադրել թէ ի՞նչ կը նշանակէ ասիկա, ու կրնանք պատասխանել թէ ''Աստուծոյ սէրը աւելի զօրաւոր է չարէն, ու նոյնիսկ մահէն. կը նշանակէ թէ Աստուծոյ սէրը կրնայ բարեփոխել մեր կեանքը եւ ծաղկեցնել մեր սրտերուն մէջ գոյացած անապատային վայրերը։
Ահա այս է Զատիկը։ Մարդու անցքը մեղքի ստրկութենէն, չարի ստրկութենէն` դէպի սիրոյ ազատութիւն, բարիի ազատութիւն։ Որովհետեւ Աստուած սէր է. միայն սէր է։

Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր,
Քրիստոսի Յարութեան զօրութիւնը կը նորոգուի ամէն ժամանակներուն։ Ընդունինք Քրիստոսի Յարութեան շնորհքը ու նորոգուինք Աստուծոյ ողորմութեամբ ու դառնանք արդարութեան ու խաղաղութեան գործիչներ։

Խնդրենք Յարուցեալ Յիսուսէն որ ատելութիւնը փոխարինէ սիրով, վրէժխնդրութիւնը` ներումով, պարերազմը` խաղաղութեամբ։ Այո՛ Քրիստոս մեր խաղաղութիւնն է ու անոր միջոցաւ հայցենք համայն աշխարհին համար խաղաղութիւն։

Խաղաղութիւն Միջին արեւելիքի համար, յատկապէս Պաղեստինցիներու եւ Իսրայելիցիներու միջեւ, որպէսզի կարենան համագործակցութեան ճանապարհը գտնեն ու վերջ դնեն հակամարտութեան ։
Խաղաղութիւն Իրագի, որպէսզի դադրին բռնութիւնները, ու մանաւանդ խաղաղութիւն սիրեցեալ Սուրիոյ որուն բնակիչները օգնութեան ու սփոփանքի կարօտ է։
Խաղաղութիւն Ափրիկեան ցամաքամասին, արիւնալի հակամարտութիւններու դաշտ։ Մալիին, Նիճէրիոյ, Գոնկոյի եւ կեդրոնական Ափրիկէի հանրապետութեան։
Խաղաղութիւն Ասիոյ` Գորէային, որպէսզի հաստատուի հաշտութեան հոգին։
Խաղաղութիւն համայն աշխարհին վիրաւորուած` անձնասիրութենէն որ կը սպառնայ անհատի եւ ընտանեկան կեանքին։Եսասիրութիւն մը որ կը շարունկաէ ստրկութիւն յառաջացնել։ Խաղաղութիւն մեր այս հողին։
Յարուցեալ Յիսուսը մխիթարանք բերէ անոնց որ բնական աղէտներու զոհ են ու մեզ դարձնէ արարչութեան պատասխանատու պահակներ։
Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր ձեզի բոլորիդ կ՛ուղղեմ սաղմոսերգուին հրաւէրը ''Գոհութիւն մատուցենք Տիրոջ, որովհետեւ բարի է, որովհետեւ յաւիտենական է սէրն անոր։ Տունն Իսրայելի թող ըսէ` յաւիտենական է սէրն անոր։''








All the contents on this site are copyrighted ©.