2013-03-31 09:33:53

Հայց. Աւետարանական Եկեղեցւոյ Ս. Զատկուան Պատգամը


ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ՝ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՏՆՕՐԷՆ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ

Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ յարութիւնը Քրիստոնէական կրօնին հիմնաքարն է: Եկեղեցին հիմնուած է յարութեան դէպքին վրայ: Քրիստոսի յարութեան նշանակութիւնը ի յայտ կու գայ հետեւեալ իրողութիւններուն մէջ.

Առաջին.- Քրիստոսի յարութիւնը հաւաստիքն է յաւիտենական կեանքի: Քրիստոնեայ եկեղեցին Քրիստոսի յարութեամբ կը շեփորէ անմեռ եւ անմար կեանքի յոյսը: Ան կու գայ վկայելու թէ կեանքը սոսկ աստենական չէ, այլ նաեւ անդենական է: Ան կու գայ յայտարարելու թէ Քրիստոս իր յարութեամբ մահը խափանեց եւ մարդոց յաւիտենական կեանք պարգեւեց: Յարուցեալ Քրիստոս իրեն հաւատացողներուն յաւիտենական կեանք կը շնորհէ: Կեանքը Քրիստոսի կառքին կապող քրիստոնեային համար՝ մահը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ երկրէն երկինք փոխադրութիւն մը, երթ մը՝ դէպի յաւիտենական տուն:

Երկրորդ.- Քրիստոսի յարութիւնը աշխարհածաւալ քրիստոնէութեան անսասան խարիսխը դարձաւ: Անտարակոյս, Բեթղեհէմի մսուրին խոնարհութիւնը, Յորդանանի մէջ մկրտութեամբ Յիսուսի սկսած առաքելութիւնը, իր քարոզած յաւիտենական ճշմարտութիւնները, իր կատարած գերմարդկային հրաշքները, Գողգոթայի խաչին վրայ իր ցուցաբերած ներողամտութիւնը իրենց անջնջելի տպաւորութիւնները թողուցին աշակերտներուն կեանքին վրայ: Սակայն, ասոնցմէ ոչ մէկը, եւ նոյնիսկ ասոնց բոլորը միատեղ, չէին կրնար փոխարինել Քրիստոսի յարութիւնը, որուն վրայ կառուցուեցաւ Քրիստոնէութիւնը: Յարութիւնը եկաւ վկայելու, թէ Յիսուս իրօք մարմնացեալ Աստուած էր, որ իր մահուամբ եւ յարութեամբ փրկեց մարդ արարածը իր մեղսալի կեանքէն:

Երրորդ.- Քրիստոսի յարութիւնը հիմնովին յեղաշրջեց իր աշակերտներուն եւ համակիրներուն կեանքը: Յիսուսի աշակերտներուն եւ առաջին հետեւորդներուն համար Խաչելութեան Ուրբաթ օրը դառն ու դաժան օր մըն էր: Այդ քստմնելի օրը հաւանաբար անոնք սկսան մտածելու, թէ իրենք չարաչար խաբուած էին իրենց կեանքը կապելով մէկու մը, որ անարգ խաչի մահով՝ իր կեանքը կը վերջացնէր: Բայց Խաչելութեան երրորդ օրուան յաջորդող յարութեան հրաշքը արմատական փոփոխութիւն մը բերաւ իրենց կեանքին ու կենցաղին մէջ: Զատկուան հրաշքը նոր յոյս եւ ներոյժ ներշնչեց անոնց եւ հոգեկան կազդոյրի եւ յաղթանակի նոր հեռանկարներ բացաւ իրենց առջեւ:

Չորրորդ.- Քրիստոսի յարութիւնը կու գայ հաստատելու այն իրողութիւնը, որ ինչպէս անցեալին, ներկայիս ալ Քրիստոս յաղթական Տէր է: Յիսուս Քրիստոս, ինչպէս 20 դարեր առաջ Պաղեստինի մէջ մարդոց ցաւերը կը դարմանէր, մեղքերը կը ներէր, հոգիները կը փրկէր, այսօր ալ նոյն բաները կարող է ընել, եւ արդէն կ՛ընէ, բոլոր անոնց, որոնք կը հաւատան իրեն եւ իրենց կեանքերը յանձնած են Իրեն: Այսպիսիներ, Պօղոս առաքեալի պէս կրնան ըսել. «Ես կ՛ապրիմ, բայց ոչ թէ ես, այլ Քրիստոս կ՛ապրի իմ մէջս»: Բոլոր դարերու ճշմարիտ քրիստոնեաներու վկայութիւնն է ասիկա: Արդարեւ, Քրիստոսի յարութեան պատգամն է, որ քանի որ Ինք յաւէտ յաղթող Տէր է, իրմով բոլոր ճշմարիտ քրիստոնեաները յաղթական կեանք կ՛ապրին:
Իցի՜ւ, թէ Յարութեան տօնը բոլոր մարդոց համար դառնար հոգեւոր վերածնունդի առիթ մը, որպէսզի կարենային, բանիւ թէ կեանքով, վկայել. «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց, փառք յարութեան քո՛, Տէր»:








All the contents on this site are copyrighted ©.