2013-03-31 09:31:31

«Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ Վերեւ Թռիչքներու Արգիլեալ Գօտիի Հաստատման Կարելիութիւնը Կը Քննարկեն» Կ՛ըսէ Նուլընտ


Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նուլընտ յայտարարեց, որ «Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ վերեւ թռիչքներու արգիլեալ գօտիի հաստատման կարելիութիւնը կը քննարկեն»: Ան աւելցուց, որ «մենք սուրիական տագնապի խաղաղ լուծման աջակցելու համար բոլոր ընտրանքները կը սերտենք: Այդ միջոցառումներուն գործադրութեան կարելիութիւնը կը քննարկենք. ինչպէս նաեւ կը սերտենք, թէ արդեօք անոնք մարդոց կեանքը կրնա՞ն փրկել»:
Ան նաեւ յայտարարեց, որ Սուրիոյ ընդդիմադիր եւ յեղափոխական ուժերու Ազգային համաձայնական մարմինի ղեկավար Մաազ Խաթիպ, որ 24 մարտին յայտարարած էր, որ կը հրաժարի, փոխած է իր միտքը եւ պիտի մնայ այդ պաշտօնին` մինչեւ իր պաշտօնավարութեան իր պաշտօնավարութեան վեցամսեայ ժամկէտին աւարտը: «Ան ըսած է, որ իր պարտականութիւնները մինչեւ վերջ պիտի կատարէ», ըսաւ Նուլընտ:
Խաթիպ իր հրաժարականի մասին տեղեկացուցած էր Դիմատետր ընկերային ցանցի իր էջին վրայ, իսկ այդ յայտարարութիւնը աւելի ուշ հաստատած էր անոր պաշտօնական ներկայացուցիչը: Ըստ Խաթիպի, հրաժարականը իրեն կարելիութիւն պիտի տար աւելի հանգիստ եւ ազատ աշխատելու, որովհետեւ կազմակերպութեան մէջ իր ունեցած պաշտօնը ատոր կարելիութիւնը չէր տար:
Միւս կողմէ, իսրայէլեան «Տեպքա» կայքէջը հաղորդեց, որ Սէուտական Արաբիա սուրիացի ընդդիմադիրներուն ծանր զէնքեր կը մատակարարէ, որպէսզի անոնց կողմէ Հալէպի գրաւման օժանդակէ:
Իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութեանց մօտիկ եղող կայքէջը նշեց, որ Սէուտական Արաբիոյ գաղտնի սպասարկութեան պետ Պանտար Պըն Սուլթան իշխանը կ՛օժանդակէ ծանր զէնքերու, ներառեալ` 220 միլլիմեթրնոց հրթիռներու մատակարարման գործողութեանց` աւելցնելով, որ նշեալ գաղտնի սպասարկութիւնը վերջերս մեծ աշխուժութեամբ կը գործէ պալքանեան երկիրներու, ինչպէս` Սերպիոյ, Պոսնիոյ, Խրուաթիոյ եւ Քոսովոյի ճամբով ընդդիմադիր զինեալներուն նոր զէնքեր ապահովելու:
Կայքէջը կը հաղորդէ, որ ընդդիմադիր զինեալները յաջողած են Հալէպի միջազգային օդակայանին կից Նայրապ օդակայանին տիրել, իսկ Պանտար Պըն Սուլթան իշխանը այդ օդակայանին տիրելու գործողութեանց վերահսկած է, որովհետեւ այդ ճակատամարտին մէջ յաղթանակը ամբողջ Հալէպ քաղաքին տիրելուն բանալին նկատած է:
Մինչ այդ, Իրաք վերահաստատեց դէպի Սուրիա ուղղուող օդանաւերն ու բեռնատարները խուզարկելու իր յանձնառութիւնը: «Իրաքիա» արբանեակային կայանը հաղորդեց, որ Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքիի գրասենեակը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որ կը հաստատէ, որ Իրաք խուզարկութեան գործողութիւնները պիտի շարունակէ, եւ «այդ միջոցառումը կու գայ երաշխաւորելու սուրիական տագնապին երկու կողմերուն զէնքի մատակարարման բացառումը»:
Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարար Միխայիլ Շփինտլէյկըր ողջունեց սուրիական ընդդիմութեան բոլոր ուժերուն եւ սուրիական վարչակարգի ուժերուն ուղղած պահանջը, որ Կոլանի բարձունքներուն վրայ գտնուող ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերու ապահովութիւնը երաշխաւորէ:
Ան նշեց, որ Կոլանի մէջ միջազգային ուժերուն դէմ կատարուած յարձակումները «անընդունելի են»:
Սուրիական ընդդիմութեան կազմած ժամանակաւոր կառավարութեան վարչապետ Ղասսան Հայթօ «Անատոլու» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ Սուրիական ազատ բանակն է, որ «ազատագրուած տարածքներու» կառավարման համար կազմուող կառավարութեան պաշտպանութեան նախարարը պիտի ճշդէ:








All the contents on this site are copyrighted ©.