2013-03-30 09:53:38

Քրիստոսի Վարշամակի Հրապարակային Ցուցադրումը։


Քրիստոսի Պատանքը որ կը պահուի Իտալիոյ Թորինօ քաղաքին մէջ,միշտ մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծած է թէ գիտնականներու եւ թէ հաւատացեալներու մօտ։ Թորինոյի Վարշամակը իբրեւ ժառանգութիւն Պապերու հովանաւորութեան յանձնած է Սավոեայի Ումպերթօ Իտալիոյ Թագաւորը։
Այժմ Զատկուայ Տօնի նախօրեակին տեղի պիտի ունենայ Վարշամակի արտակարգ ցուցադրութիւնը,Կիրակի 31 Մարտ 2013։ Այս նախաձեռնութիւնը անցեալ 6 մարտին ներկայացուց Թորինօ քաղաքի Արքեպիսկոպոսը Գերապայծառ Չէզարէ Նոզիլիա եւ Վարշամակի կամ Պաստառակալի թեմական Յանձնախումբի նախագահ Հայր Ճուզեփփէ Կիպերթի։
2010 թուականին,սոյն Վարշամակի ցուցադրութեան առթիւ, աւելի քան 2 միլիոն ուխտաւորներ մեծարեցին Քրիստոսի վերագրուած Պատանքը՝ Թորինոյի Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ ։
Ներկայ Հաւատքի Տարուայ առթիւ (2013-ը հռչակուած Ռազինկէր հրաժարեալ Քահանայապետի կողմէ) տեղի կ՝ունենայ Թորինոյի Մայր Եկեղեցւոյ մէջ պահուած Պաստառակալի հանրային ցուցադրութիւնը։







All the contents on this site are copyrighted ©.