2013-03-30 09:32:48

Շաբաթ 30 մարտ Աւագ Շաբաթ է։ ֆրանչիսկոս Պապը Կը Գլխաւորէ Զատկուայ Ճրագալոյցի Ծիսակատարութիւնը։


Շաբաթ 30 մարտի երեկոյեան ժամը 8,30-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ կը գլխաւորէ՝ Զատկի Ճրագալոյցի ծիսակատարութիւնը։
Արարողութիւնը սկիզբ կ՛առնէ Ս. Պետրոսի գաւիթէն ուր կ՛օրհնուի կրակը եւ կը վառուի Զատկուայ կանթեղը։ Ս. Աթոռի բանբեր՝ Հ. ֆետերիքօ Լոմպարտիի գնահատումով, սոյն արարողութիւնը քրիստոնեայ ծիսական արարողութեան ''ամէնէն գլխաւոր եւ ամէնէն` նշանակալից արարողութիւններէն մին է''։ Ան սկիզբ կ՛առնէ -ինչպէս ըսինք - ''Լոյսի ծիսակատարութեամբ'', ապա եկեղեցական դասն ու հաւատացեալները թափօր կազմած կը մտնեն Եկեղեցի, ''զատկական մոմ'' ին հետ։
Ծիսակատարութեան կեդրոնական պահերէն մին է չափահասներու մկրտութեան, դրոշմի եւ առաջին հաղորդութեան խորհուրդներու մատակարարումը։ Այս տարի Նորին Սրբութիւնը խորհուրդները կը մատակարարէ չորս հոգիներու 30 ամեայ Ալպանացիի մը, 23-ամեայ իտալացիի մը, 30-ամեայ Ռուսի մը ու ապա 17-ամեայ Ամերիկացիի մը որ բնիկ վիէդնամցի է։
Սրբազան Քահանայապետին հետ կը համապատարագեն կարտինալները։








All the contents on this site are copyrighted ©.