2013-03-30 09:41:10

ԱՒԱԳ ՈՒՐԲԱԹ- Գերապատիւ Հայր Գրիգոր Վրդ. Պատիշահի Խորհրդածութիւնը


Եթէ լալու եւ սգալու պատճառ ունինք այսօր, այդ՝ մեր հատատքի անտարբերութեան հետեւանքն է, մեր թուլամորթութիւնն է, մեր ապերախտութիւնն է, որովհետեւ մեղանչեցինք գիտակցութեամբ, անտեսեցինք Իր պատուիրանները եւ զինք վշատացուցինք խօսքով եւ գործով:
Այսօր, Ս. Եկեղեցին՝ Աստուածորդւոյն՝ Յիսուսի Քրիստոսի դառնակսկիծ չարչարանաց եւ մահուան յիշատակով, իր հաստատման ուխտը կը նորոգէ: Յիսուսի կողէն հոսած արիւնը, եկեղեցւոյ նոր շունչ, նոր հոգի եւ նոր կեանք կը պարգեւէ:
Այսօր, եկեղեցական տարիին ծանրագոյն եւ սրբազնագոյն օրն է, ուր կը կատարուի Աստուծոյ Որդիին ողջակէզը. իր լրումին կը հասնի Փրկչագործութեան վեհագոյն խորհուրդը: Շատերս, յուզուած եկած ենք այսօր մասնակցելու Քրիստոսի թաղման բացառիկ արարողութեան. եկած ենք ողբալու եւ սգալու այն անձին վրայ որ մեզի համար մեռաւ: Բայց ափսոս շատ անգամ կը մոռնանք Յիսուսի պատգամը ուղղած Երուսաղեմի կանանց ըսելով. « Մի՛ լաք իմ վրաս, այլ լացէ՛ք ձեր եւ ձեր զաւակներուն վրայ»: Եթէ լալու եւ սգալու պատճառ ունինք այսօր, այդ՝ մեր հատատքի անտարբերութեան հետեւանքն է, մեր թուլամորթութիւնն է, մեր ապերախտութիւնն է, որովհետեւ մեղանչեցինք գիտակցութեամբ, ծուլացանք, անտեսեցինք Իր պատուիրանները եւ զինք վշատացուցինք խօսքով եւ գործով: Մեղա՛յ, մեղա՛յ, կ՛աղաչեմ Տէր, ներէ՛ զիս բազամեղիս:
Աւագ Ուրբաթը, սիրելի բարեպաշտ եղբայրներ եւ քոյրեր գերագոյն փաստն է Աստուծոյ անսահման սիրոյն եւ մարդոց ամենախոր ապերախտութեան:
Աւագ Ուրբաթը, օրն է Յիսուսի մատնութեան, եւ մարդուն վատութեան:
Օրն է Քրիստոսի չարչարանքներուն, եւ մարդուն չարութեան:
Անմեղ Բարի Հովիւին դատապարտութեան, եւ մեղապարտին փրկութեան:
Աստուծոյ Միածին Որդիին խաչելութեան, եւ մեզ՝ մեղաւորներուս ազատագրման:
Անմահին մահուան, եւ մահկանացուին անմահութեան:
Օրն է Կեանքի Իշխանին մահուան, եւ մեր՝ խաւարեալներուն յարութեան:
Աւագ Ուրբաթի դրուագները, երեւան կը բերեն մեզի՝ մեղապարտներուս մարդկային նկարագրին վատթարագոյն գիծերը եւ Աստուածային բնութեան վեհագոյն ճառագայթները: Դժուար է մտնել Փրկչագործութեան այս խորհուրդին մէջ, առանց ինքզինք նուաստացնելու իբրեւ մեղաւոր մարդ, եւ առանց խոնարհելու Աստուծոյ ներողամտութեան անհուն մեծութեան առջեւ:
«Ամենայն ինչ կատարեալ է»: Ահաւասիկ խաչին վրայ մեր Փրկչին արտասանած գոհութեան եւ յաղթանակի, խորհրդաւոր եւ իմաստալից, տպաւորող եւ լուսաւորող վերջընթեր խօսքը: «Ամենայն ինչ կատարեալ է»: Յիսուս գոհութիւն կը մատուցանէ իր Հօր, որովհետեւ աշխարհ գալով կրցաւ կատարեալ կերպով իրագործել սրբազան եւ նուիրական առաքելութիւնը: Կրցաւ անթերի կերպով իր Հօր կամքը կատարել: Տառապեցաւ եւ տքնեցաւ, նախատինք կրեց, ձաղկուեցաւ ամենասոսկալի կերպով, իր մարմինը հսկայ վէրքի վերածուեցաւ: Եւ սակայն մեր Տէրը իր բերանը չի՛ բացաւ, չի՛ գանգատեցաւ. համբերեց, նուիրելով այդ սաստիկ տանջանքը իր Երկնաւոր Հօր, մեր մեղքերուն համար, ինչպէս պիտի մարգարէանար դարեր առաջ Եսային, ըսելով. «Գառնուկին նման տարուեցաւ սպանդ՝ զինք խուզողին առջեւ, այնպէս ան բերանը չի բացաւ» ( Ես 53, 7- 8):
Յիսուս եղաւ միակը, որ իր կեանքի վախճանին կրցաւ ըսել. « Ամենայն ինչ կատարեալ է»: Կատարեալ եղած էին նախ Յիսուսի կեանքը, իր գործերը ու մանաւանդ իր խօսքերը: Կատարեալ եղան իր չարչարանքները: Կատարեալ եղաւ նաեւ իր մահը. «Մահով մահը կոխեաց» կ՛ըսէ յարութեան շարականը:
Ամէն ինչ լրացաւ:
Լրացան մանրամասն մարգարէական նախատեսութիւնները իր ծննդեան, իր կեանքին ու մահուան մասին:
Լրացաւ Հին Օրէնքի ժամանակը եւ սկսաւ Նոր Օրէնքի ժամանակը:
Լրացաւ Հին Ուխտը, եւ Նոր Ուխտը կնքուեցաւ Յիսուսի արիւնով:
Լրացաւ դժոխքի իշխանութեան ժամը, եւ լոյսը սփռուեցաւ համայն աշխարհի վրայ:
Լրացաւ մեղքի տիրակալութեան շրջանը եւ սկսաւ շնորհքի, ներողամտութեան դարը:
Լրացաւ իր երկնաւոր կեանքը ու եկած էր պահը իր վերջին շունչը աւանդելու եւ ահա կ՛աղաղակէ իր կեանքին ամենէն ուժգին խօսքը. «Հայր քու ձեռքերուդ մէջ կ՛աւանդեմ իմ հոգիս»: Ուրախութեան եւ վստահութեան աղաղակ մըն էր այդ. յաղաթանակի պոռթկում մըն էր կարծես: Ամէնքի ուշադրութիւնը գրաւեց. զինուորներն անգամ զգաստացան. ամբոխը լռեց. երկիրը թողալով շարժեցաւ. սաստիկ քամի մը փչեց: Բնութիւնը ակամայ պահ մը յարգանքի տուրքը մատուցեց պատմութեան մեծագոյն եւ սրբազնագոյն մահուան առջեւ. բնութիւնը խոնարհեցաւ իր ստեղծիչին առջեւ: Յիսուս նաեւ կը խոնարհի իր ամենակալ Հօր առջեւ. գլուխը խոնարհած ինկած էր կուրծքին վրայ: Չեր կրցած տոկալ Աստուծոյ փառաւոր եւ Սուրբ դէմքը տեսնելէն: Ինքզինքը կամաւոր կերպով կը յանձնէ մահուան: Իր մահը կամաւոր Զոհ մըն էր: Ինք այդ պահուն թէ Քահանայ եւ թէ Զոհն էր որ ինքզինք կը մատուցանէր Աստուծոյ՝ միանգամ ընդմիշտ որպէս Պատարագ, որ պիտի մատուցուի մեր եկեղեցիներու մէջ եւ մեր խորաններուն վրայ իբրեւ անարիւն եւ անմահ Պատարագ:
Յիսուս բարձրաձայն աղաղակեց իր մահը ամբողջ աշխարհին: Ու մենք եւս ամէն անարիւն պատարագին պիտի պատմենք սրբազնագոյն եւ գերագոյն մահը Տիրոջ, որ կը մատուցուի ի քաւութիւն եւ թողութիւն մեղաց մերոց:
Երկրպագութիւն կ՛ընենք քեզի Քրիստոս, որովհետեւ Սուրբ Խաչովդ մեզ փրկեցիր: Քեզի Փառք, Պատիւ, քու Հօրդ եւ Սուրբ Հոգիիդ հետ. ամէն:
Հայր Գրիգոր Վրդ. Պատիշահ
Փոխ մեծաւոր Հռոմի Լեւոնեան Հայ դպրեվանքին








All the contents on this site are copyrighted ©.