2013-03-30 09:15:50

«Դուք այս աշխարհին համար մեռաք, որպէսզի Քրիստոսի հետ ապրիք» (Կղ 3, 3)


Յիսուսի հրաշափառ Յարութիւնը մեր քրիստոնեական հաւատքին հիմն է: Եւ հաւատքի այս հիմին վրայ ձեւեցինք մեր հասկացողութիւնը կեանքի մասին իբրեւ պատրաստութիւն մը մահուան որ վերջակէտ մը չէ այլ անցք մը: Անցք մը կեանքի մէկ մակարդակէն միւսը ուր մեր նոր փորձառութիւնը կախում պիտի ունենայ այս աշխարհի վրայ մեր ապրած կեանքի որակէն:
Զատիկի դէպքէն, գոհունակ սրտով, կը սորվինք որ մահով մեր կեանքը չի փճանար այլ կը փոխուի: Կը սորվինք նաեւ թէ անոնք որ «մարմինը կը սպաննեն, հոգին չեն կրնար սպաննել»:
Յարութիւնը իբրեւ յուսադրիչ իրադարձութիւն մը լոյս կը սփռէ Յիսուսի կեանքին ու մահուան գլխաւոր նպատակին վրայ: Արդարեւ իր Յարութեամբ մեր Տէրը իւրաքանչիւր մէկուն պատեհութիւնը կ'ընծայէ լիովին մասնակցելու Iր անմահ կեանքին: Իրեն՝ ինչպէս նաեւ մեզի համար, մահը վերածնունդի դռնանցք է:
Ինչպէս որ Յիսուսի համար մահը անհրաժեշտ էր որպէսզի յարութիւն առնէր, նոյնպէս ալ մահը անհրաժեշտ է մեզի՝ եթէ կ'ուզենք հասնիլ այն կէտնպատակին որուն համար ստեղծուած ենք:
Մինչ այս ճշմարտութեան լոյսին ներքեւ կը շարունակենք խորհիլ Հայկական Ցեղասպանութեան անբանականութեան վրայ, մինչ կը հետապնդենք մեր պահանջատիրութիւնը, մինչ չենք դադրիր աղօթելէ մէկ ու կէս միլիոն հայ զոհերուն համար, մինչ կը հաստատենք մեր նուիրական պարտականութիւնը նոր սերունդներուն փոխանցելու մեր սրբազան աւանդութիւնները, մինչ կը ծրագրենք լաւագոյն ապագայ մը պատրաստել մեր զաւակներուն՝ Յիսուսի Յարութիւնը յուսադրիչ պատգամ մը ունի մեզի հաղորդելիք եւ այս պատգամը կը գտնէք Ս. Պօղոսի հետեւեալ խօսքին մէջ՝ ««Դուք այս աշխարհին համար մեռաք, որպէսզի Քրիստոսի հետ ապրիք այն կեանքով՝ որ Աստուած վերապահած է ձեզի» (Կղ 3, 3):
Հոգւոյ անմահութեան վարդապետութենէ բխող այս համոզումը մեզի պիտի օգնէ մարդկային մահը իբրեւ պատրանք նկատել, որովհետեւ կը հաւատանք որ Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց, մահուամբ զմահ կոխեաց եւ յարութեամբ իւրով մեզ կեանս պարգեւեաց:
Այս նոյն համոզումը մեզ կը մղէ նաեւ շարունակելու աղօթել մեր ննջեցեալ զոհերուն համար, յարգանք մատուցանել անոնց յիշատակին, պայքարիլ ի պաշտպանութիւն իրենց անժամանցելի իրաւունքներուն եւ արդար դատին ինչպէս նաեւ եւ յատկապէս խօսքով ու գործով չթոյլատրել որ նման ոճիրներ անգամ մըն ալ գործուին:
Հ. Գ. Զ.








All the contents on this site are copyrighted ©.