2013-03-29 11:08:24

Քրիստոսի Յարութիւնը՝ Առանցքը Զօրաւոր Եւ Հաստատակամ Հաւատքին:


Այսօրուայ մեր խորհրդածութիւնը, իբրեւ մեկնակէտ պիտի ունենայ Պետրոս առաքեալի հետեւեալ պատգամը ուղղուած՝ այն քրիստոնեայ հասարակութիւններուն, որոնք Ներոն կայսրի արիւնարբու ձեռքերէն խոյս տուին եւ սփիւռքի այլազան երկիրներու մէջ ցրուեցան որպէս պանդուխտներ: Արդ, ան կ՛ըսէ թէ . «ԼԱՒ ՓՈՐՁՈՒԱԾ ՀԱՒԱՏՔԸ ԱՒԵԼԻ ԹԱՆԿԱԳԻՆ Է ՔԱՆ ԿՐԱԿԻ ՄԷՋ ՓՈՐՁՈՒԱԾ ԿՈՐՆՉԱԿԱՆ ՈՍԿԻՆ» (Ա. ՊԵՏ.1: 7)


Յետեւաբար, Պետրոս առաքեալ ընդհանրական այս նամակով կ’ուզէ վերստին յոյս տալ այն օտարական հաւատացեալներուն, որոնք կը չարչարուին ու կը հալածուին ի սէր Քրիստոսի անուան եւ կը զոհուին՝ դաւանելով քրիստոսաւանդ անկորնչելի հաւատքը, վստահեցնելով զանոնք, որ նման մարտիրոսներուն անոնք եւս պիտի ընդունին հոգիներու փրկութիւնը՝ հաւատքի պսակումով:
Ի տես մարտիրոսներու անկորնչելի հաւատքին, այսօր կը մտաբերեմ հետեւեալ հարցադրումը, զոր կ’ուզեմ ձեր հետ քննարկել. Միթէ Քրիստոսի յաղթական Յարութիւնը առանցքը եւ ուղղեցոյցը չէ՞ զօրաւոր եւ հաստատակամ հաւատքին:

Քրիստոսի հրաշափառ Յարութիւնը քրիստոնեայ աշխարհին եղաւ կեանքի ուղղեցոյցը: Առանց Յարութեան՝ հաւատքը եւ անոր վրայ հիմնուող բոլոր արժէքները դատարկ են քրիստոնեայ մարդուն մէջ:

Պօղոս առաքեալ, Դամասկոսի Ճանապարհին ունեցած պայծառակերպ տեսիլքէն ետք եղաւ անխախտ ախոյեանը Քրիստոսի Յարութեան: Քրիստոսի կենսապարգեւ Յարութիւնը հեթանոս առաքեալին դարձուց այլ ոմն Քրիստոս. «Որովհետեւ, կ’ըսէ Ս. առաքեալը, ինծի համար կեանքը Քրիստոս է, եւ ուստի մեռնիլ՝ այդ կեանքը շահիլ կը նշանակէ»: ( Փիլիպ. 1: 21)

Իր առաքելական գործունէութեան ընթացքը եղաւ իր բառերով «ճանչնալ Քրիստոսը, անոր յարութեան զօրութիւնը, եւ անոր չարչարանքներուն մասնակից դառնալ՝ անոր մահուան օրինակը իմ վրաս առնելով, որպէսզի ես ալ արժանի ըլլամ մեռելներէն յարութիւն առնելու»: ( Փիլիպ. 3: 10-11)

Ճանչնալ Քրիստոսը կը նշանակէ մասնակից դառնալ իր չարչարանքներուն, այլ խօսքով իր սիրոյն համար կրել ամէն տեսակ չարչարանք ու տանջանք: Կողոսացիներուն ուղղուած նամակին մէջ կը գրէ. «Եւ հիմա, ուրախ եմ չարչարանքներուս մէջ, զորս ձեր սիրոյն համար կը կրեմ, որովհետեւ Քրիստոսի կրած նեղութիւններուն պակասը իմ մարմինիս մէջ կ’ամբողջացնեմ»: (Կող. 7: 24)

Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան հաւատքով, հայ ժողովուրդը ինք եւս դարերով ապրեցաւ, գործեց եւ վկայեց առանց երբեք տարակուսելու իր այդ հաւատքին մէջ:

Աւա՜ղ, սակայն կայ կեանքին մէկ այլ երեսը: Մարդիկ յաճախ կը վախնան ճշմարտութենէն, կը վախնան դաւանելու իրենց ճշմարիտ հաւատքը եւ քրիստոսաւանդ վարդապետութիւնները, այնպէս որ կը զիջին իրենց կրօնքէն, որպէսզի այլ ազգի պատկանող եղբայրները սիրաշահին, առանց անդրադառնալու, որ հազարաւոր տարիներու մարդկային կեանքին մէջ միակ ճշմարիտը, այն արժէգներն են, որոնք կու գան Աւետարանէն:
Աւա՜ղ, Քրիստոսի եկեղեցւոյ կեանքի անցնող երկու հազար տարիներուն աւետարանական արժէգները կը խախտին այսօր: Այսօրուան ուրացողները եւ դաւաճանողները Քրիստոսի միշտ արդեն գոյութիւն ունեցած են եւ պիտի շարունակեն գոյութիւն ունենալ, սակայն վա՜յ անոր, կ’ըսէ մեզի Քրիստոս, որուն ձեռքով կու գան այդ գայթակղութիւնները:

կ’ուզեմ փակել խորհրդածութիւնս Կրկնելով առաքեալին յետեւաեալ խօսքերը, որոնք կը ցոլացնեն հաւատացեալին ճշմարիտ եւ լաւ փորձուած հաւատքը, որ աւելի թանկագին է քան կրակի մէջ մաքրագործուած եւ մաքրափայլ Ոսկին: Որովհետեւ այդ կենդանի հաւատքն է որ եկեղեցին զօրացուց, ամրացուց ու վերածեց յաւերժական ուղղեցոյցի մը: Ուստի Պողոս կը գրէ. «Ո՞վ կրնայ ուրեմն մեզ բաժնել Քրիստոսի սերէն. նեղութիւ՞նը, հալածա՞նքը, սո՞վը… կամ սո՞ւրը… որվհետեւ համոզուած եմ որ ոչ մահը… ոչ ալ որեւէ զօրութիւն կրնայ մեզ բաժնել Աստուծոյ սերէն, որուն մենք ճանչցանք մեր Տիրոջ Յիսուսի Քրիստոսի միջոցաւ»: (Հռով. 8: 35-39)








All the contents on this site are copyrighted ©.