2013-03-29 11:58:04

Սրբազան Քահանայապետը Հռոմի ''Գազալ Տէլ Մարմօ'' Բանտին Մէջ. Մի Թողուք Որ Ձեզմէ Խլեն Յոյսը։


Հինգշաբթի 28 մարտի յետ միջօրէին Սրբազան Քահանայապետը Հռոմի ''Գազալ Տէլ Մարմօ'' անչափահասներու բանտին մէջ գլխաւորեց Սուրբ Պատարագի եւ Ոտնլուայի արարողութիւնները, կատարելով` մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի վերջին ընթրիքին յիշատակութիւնը եւ սիրոյ պատուիրանի հաստատումը։

Վատիկանի բանբեր Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի յայտարարութեամբ, արարողութեան ներկայ էր նաեւ Իտալիոյ Արդարութեան Նախարարը` Տիկին Սեւերինին։ Սրբազան Արարողութիւնը սկիզբ առաւ 17,30-ին որուն ներկայ էին 120 հոգիներ որոնցմէ 50-ը կալանաւորներ։ Սուրբ Զոհի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը հակիրճ քարոզ մը արտասանեց որուն ընթացքին ներկաներուն բացատրեց ոտնլուայի արարողութեան նշանակութիւնը որպէս ծառայութեան ու սիրոյ տիպար։ Հայր Լոմպարտին ապա յայտնեց որ Նորին Սրբութիւնը ծնկադրելով լուաց` 12 երիդասարդ բանտարկեալներու ոտքերը որոնց շարքին երկու մահմետականներ եւ երկու օրիորդներ։
Նախ քան հրաժեշտ առնելը Սրբազան Քահանայապետը բոլորէն խնդրեց որ աղօթէն իրեն ու զանոնք յորդորեց ըսելով` ''մի թողուք ձեզմէ խլեն Յոյսը։''








All the contents on this site are copyrighted ©.