Դամասկոսի Համալսարանին Ռմբակոծումը Առնուազն 10 Զոհ Կը Խլէ
ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Էյ.Փի.».- Հինգշաբթի, Մարտ 28ին, Դամասկոսի համալսարանին վրայ արձակուած հրթիռները
ինկած են ուսանողական ճեմարանը՝ սպաննելով առնուազն 10 հոգի եւ վիրաւորելով 20է աւելի
ուրիշներ: Կարգ մը այլ աղբիւրներու համաձայն՝ սպաննուած է 15 հոգի: Միւս կողմէ, Հինգշաբթի
օր հաղորդուեցաւ, թէ Թուրքիա «հարիւրաւոր» սուրիացի գաղթականներ արտաքսած է սահմանային
շրջաններէն՝ գաղթակայաններէն մէկուն մէջ տեղի ունեցած բախումներէն ետք: Արդարեւ, մէկ
օր առաջ հրդեհ մը ծագած էր սահմանամերձ Ուրֆա քաղաքին մօտերը հաստատուած սուրիական գաղթակայանին
մէջ, որուն հետեւանքով մահացաւ սուրիացի կին մը: Այս միջադէպէն ետք, արդէն իսկ իրենց
վիճակէն դժգոհ գաղթականները բողոքի ցոյց մը կատարեցին իրենց ապրուստի պայմաններուն դէմ,
եւ իբրեւ հետեւանք՝ բախումներ տեղի ունեցան թուրք ոստիկաններու հետ: Քաղաքական գետնի
վրայ, Հարաւային Ափրիկէի մէջ գումարած իրենց վեհաժողովին ընթացքին, ՊՐԻՔՍի անդամ երկիրներու՝
Պրազիլի, Ռուսիոյ, Հնդկաստանի, Չինաստանի եւ Հարաւային Ափրիկէի, ղեկավարները խոր մտահոգութիւն
յայտնեցին Սուրիոյ կացութեան վատթարացման գծով: Անոնք կոչ ըրին Սուրիոյ տագնապը քաղաքականօրէն
լուծելու՝ մերժելով ռազմական ընտրանքը: Իր կարգին, Սուրիոյ ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական
մարմինի հրաժարեալ նախագահ Մոազ Խաթիպ վերահաստատեց, թէ ինք հաստատ կը մնայ իր հրաժարականին
վրայ: Քաղաքական աղբիւրներ կը յայտնեն, թէ Խաթիպ դժգոհ է յատկապէս այն իրողութենէն, որ
ընդդիմադիրներու ժամանակաւոր կառավարութեան վարչապետ ընտրուած էր Ղասսան Հիթօն, որ Թեքսասէն
սուրիացի քիւրտ մըն է: Խաթիպ նաեւ «զարմանք յայտնեց», թէ Արեւմուտքը կը մերժէ Թուրքիոյ
մէջ տեղակայուած «Փեթրիըթ» տիպի ամերիկեան հրթիռները սուրիական ընդդիմութեան յանձնելու
իր առաջարկը: Խաթիպ Տոհայի արաբական վեհաժողովին կոչ ըրած էր Արեւմուտքի երկիրներուն,
որ զինուորապէս օգնեն ընդդիմադիր ուժերուն: Մարտ 27ին, Ամերիկայի եւ Ֆրանսայի արտաքին
գործոց նախարարներ Ճան Քերի եւ Լորան Ֆապիւս խորհրդակցած են սուրիական ընդդիմութիւնը
զինելու արգելքի վերացման քայլերուն շուրջ: Միւս կողմէ, հետեւելով Սուրիոյ եւ Ռուսիոյ
օրինակին՝ Իրան եւս խստօրէն քննադատեց Տոհայի արաբական վեհաժողովին ընթացքին Արաբական
լիկային մօտ Սուրիոյ աթոռը ընդդիմութեան փոխանցելու քայլը: Իրանի արտաքին գործոց նախարար
Ալի Աքպար Սալեհի նշեց, որ անիկա վտանգաւոր նախընթաց մըն է՝ աւելցնելով, թէ անոր պատասխանատուները
պիտի կրեն այդ քայլին հետեւանքները: Սալեհի ցաւ յայտնեց անոր համար, որ կարգ մը երկիրներու
անպատասխանատու որոշումները թափ կու տան Սուրիոյ մէջ արիւնահեղութեան շարունակման: