2013-03-29 11:31:28

Աւագ Ուրբաթ, Յիսուսի Չարչարանքի, Խաչելութեան Ու Թաղման Յիշատակութեան Օր։


Այս առթիւ Հռոմի՝ ՜՜Քօլիզէ'' բազմադարեայ կրկէսին մէջ ֆրանչիսկոս քահանայապետը կը կատարէ Ճանապարհ խաչի բարեպաշտութիւնը,
եւ այս տարի (ինչպէս ըսած էինք) 14 կայաններու խորհրդածութիւնները պատրաստած են լիբանանցի երիտասարդներ. իսկ 8-րդ կայանը լիբանանահայ կաթողիկէ համայնքէն խումբ մը երիտասարդներ գլխաւորութեամբ գերյ. Հ Գէորգ Ծ Վրդ. Եղիայեանի։

Ութերորդ Կայան. Յիսուս կը հանդիպի Երուսաղէմի կիներուն որոնք կ'ողբան իր վրան։
Երկրպագութիւն կ'ընենք Քեզի, Քրիստոս. եւ կ'օրհնենք Քեզ. որովհետեւ Քու Սուրբ Խաչովդ աշխարհը փրկեցիր։
Աւետարան ըստ Ղուկասի 23,27-28
Ժողովուրդը կը հետեւէր անոր՝ մեծ բազմութեամբ, նաեւ կիներ՝ որոնք կը հեծեծէին ու կ՚ողբային անոր վրայ: Յիսուս դարձաւ անոնց եւ ըսաւ. «Երուսաղէմի՛ աղջիկներ, մի՛ լաք իմ վրաս, հապա լացէ՛ք դուք ձեր վրայ ու ձեր զաւակներուն վրայ:

Գողգոթայի ճանապարհին վրայ, Տէրը կը հանդիպի Երուսաղէմի կիներուն։ Այս կիները կ'ողբային ի տես Տիրոջ չարչարանքին, կարծէք առանց յոյսի չարչարանք մըն է։ Անոնք Խաչին մէջ միմիայն կը տեսնէին փայտը, նշան անէծքի, մինչ Տէրը զայն ուզեց որպէս միջոց փրկչագործութեան ու փրկութեան։ Չարչարանքի ու խաչելութեան մէջ, Յիսուս իր կեանքը կու տայ շատերու փրկութեան համար։ Այսպէս Ան կը սփոփէ հարստահարեալները ու կը մխիթարէ վշտահարները, Երուսաղէմի կիներուն արցունքը սրբեց եւ անոնց աչքերը բացաւ զատկական ճշմարտութեան։
Մեր աշխարհը լեցուն է վշտահար մայրերով, իրենց արժանաւորութեան մէջ վիրաւորուած կիներով, զոհ` խտրականութեան, անարդարութեան ու տառապանքին։ Տառապող Քրիստոս եղի'ր անոնց խաղաղութիւնը, ու անոնց վէրքերուն բալասան։
Տէր Յիսուս, Քու մարդեղութեամբդ Մարիամէն` Օրհնեալը կիներու մէջ, Դուն բարձրացուցիր արժանաւորութիւնը ամէն կնոջ։ Մարդեղութեամբդ միացուցիր մարդկային ազգը։
Տէ'ր, Քեզի հետ հանդիպումը ըլլայ մեր սրտերու փափաքը։ Վիշտերով լի մեր կեանքը, թող լիայոյս ըլլայ քեզի հետ եւ դէպի քեզի, Դուն մեր կեանքի ապաւէնը ու Փրկութիւնը։ Ամէն








All the contents on this site are copyrighted ©.