2013-03-28 10:32:56

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Ոտնլուայի Արարողութիւնը ''Գազալ Տէլ Մարմօ'' Բանտին Մէջ։


Հինգշաբթի 28 մարտի յետ միջօրէին Նորին Սրբութիւնը ինքնաշարժով կը փոխադրուի Հռոմի ''Գազալ Տէլ Մարմօ'' անչափահասներու բանտը ուր ժամը 17,30-ին կը գլխաւորէ Սուրբ Պատարագի եւ Ոտնլուայի արարողութիւնները, կատարելով` մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի վերջին ընթրիքին յիշատակութիւնը եւ սիրոյ պատուիրանի հաստատումը։ Արարողութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը հանդիպում պիտի ունենայ երիտասարդ բանտարկեալներուն հետ անոնց փոխանցելու Սուրբ Զատկուայ շնորհաւորութիւնները։
Յայտնենք որ Արժէնդինայի երբեմնի Արքեպիսկոպոս̀ Կարտինալ Պերկոլիօն սովորութիւն ունէր վերոյիշեալ արարողութիւնը կատարել` հիւանդանոցներու մէջ աղքատներու եւ չքաւորներու մասնակցութեամբ։
Գազալ Տէլ Մարմոյի մէջ կատարուած այս արարողութեամբ, ֆրանչիսկոս Պապը կը շարունակէ պահպանել այն սովորութիւնը որուն յատկանիշը եղած է միշտ համեստութիւնը։ Սրբազան Քահանայապետին հետ կը համապատարագէն, Հռոմի Թեմի տեղապահ Արքեպիսկոպոս Կարտինալ Ակոսդինօ Վալլինին եւ Հայր Կաէթանօ Կրէգօ Գազալ Տէլ Մարմոյի մատրանապետ։ Ոտնլուայի արարողութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը պիտի լուայ տարբեր ազգութեան եւ կրօնի պատկանող 12 բանտարկեալներու ոտքերը։ Հանդիպման ընթացքին Սրբազան Քահանայապետին պիտի նուիրուի փայտէ խաչ ու ծնկարան մը մինչ Նորին Սրբութիւնը անոնց պիտի նուիրէ ս. Զատիկը յատկանշող տուրմէ Հաւկիթ ու զատկական աւանդական կարկանդակ ''Քոլոմպա''ն։








All the contents on this site are copyrighted ©.