2013-03-28 13:04:03

Հռոմի Պապերը եւ Բանտերը։


՝՝Երբէք պէտք չէ մոռնալ որ իսկական իշխանութիւնը ծառայութիւնն է,եւ թէ Քահանայապետն ալ պէտք է ընդունի՝ սէրով եւ գուրգուրանքով ով որ ծարաւի է,օտար է,մերկ է ,հիւանդ է եւ բանտարգելութեան մէջ է՝՝ ։
Այսպէս արտայայտուեցաւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը իր Գահակալութեան առթիւ արտասանած հոգեշահ քարոզին մէջ,յիշելով ծառայութեան կարեւորութիւնը բոլոր անոնց հանդէպ, որոնք դուրս ձգուած են ընկերութենէն՝ներառեալ բանտարկեալները։

Այս նոյն հոգածութիւնը ցոյց ցոյց տուած են Պերկոլիօ Քահանայապետի նախորդները։ Ինչպէս հրաժարեալ Պենետիկտոս ԺԶ.րդ,որ երեք անգամ այցելեց նոյնքան արգելանոցներ։

2007 թուականին Ռազինկէր Պապը գնաց Հռոմի Գազալ Տէլ Մարմօ անչափահասներու բանտը,իսկ 2012ին Սուլմոնա-ի ծայրագոյն ապահովութեան արգելարանը,ու նաեւ Հռոմի Ռէպպիպիա Բանտը 18 Դեկտեմբեր 2011ին,յորում Սրբազան Հայրը պատասխանեց բանտարկեալներու իրեն ուղղած հարցումներուն,հաստատելով միաժամանակ որ ՝՝յարգանքով եւ արժանաւորութեամբ պէտք է վարուիլ բանտարկեալներուն հետ՝՝ ։
Յիշենք նաեւ ՅՊԲ.երջանկայիշատակ քահանայապետի բազմաթիւ ացելութիւնները արգելարաններ 1980էն-1993 թուականներու միջեւ,բայց յատկանշական են մասնաւորապէս երկու այցելութիւնները,ինչպէս 27 Դեկտեմբեր 1983ին Հռոմի Ռէպպիա բանտը կատարած այցելութիւնը,ուր կը գտնու էր իրեն դէն մափորձ ընող թուրքը Ալի Աղճան, ապա 9 Յուլիս 2000ի Մեծ Յոբելեանի առթիւ Հռոմի Ռէճինա Չէլի կատարած այցելութիւնը,ուր Սրբազան Հայրը կը հագնէր բանտարկեալներու կարած Պատարագի զգեստը ։
1964ին երջանկայիշտակ Պօղոս Զ.իր կարգին այցելած էր Հռոմի Ռէճինա Չէլի բանտը,իսկ Երջանկայիշատակ Յովհաննէս ԻԳ. 26 դեկտեմբեր 1958ին նոյն բանտը այցելելով ըսած էր բանտարկեալներուն ՝՝Ես Յովսէփն եմ ձեր եղբայրը՝՝ ։ Ժամանակի երկայնքին վերյիշենք նաեւ Պիոս ԺԲ.ի ռատիօ-պատգամը(1951) նուիրուած բանտարկեալներուն, եւ Պիոս Թ.Պապի հանդիպումը 1868ին Չիվիթավեքքիայի կալանաւորներուն հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.