2013-03-28 13:16:53

Լիբանանացի Քրիստոնեայ Երիտասարդներու ''ճանապարհ խաչ''ի 14 Կայաններու Խորհրդածութիւններու Շարքը։


''Ցաւն ու տառապանքը Քրիստոսի խաչին մէջ։''

2013-ի Աւագ Ուրբաթ օրուայ ճանապարհ խաչի 14 կայաններու խորհրդածութիւնները պատրաստուած են լիբանանցի քրիստոնեայ երիտասարդներու կողմէ, առաջնորդութեամբ` մարունիներու պատրիարք կարտինալ Ռայիին։
Խորհրդածութիւնները ներշնչուած են Արեւելեան եկեղեցիներու ծէսերէն ու սուրբերու ուսուցումէն։ Խորհրդածութիւնները պիտի կարդացուին մարտ 29-ին` Աւագ Ուրբաթ օրը, Հռոմի ''Գոլոսսէումի'' ամփիթատրոնին մէջ, ճանապարհ խաչի աղօթքին ընթացքին, որ պիտի նախագահէ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը։
Ամէն մէկ կայանը պատկերազարդարուած է պաղեստինցի ֆրանչիսկեան կրօնաւորի մը կողմէ։ Խորհրդածութիւնները բնականաբար ներշնչուած են Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի ''Միջին Արեւելքի Եկեղեցին'' յորդորագիրէն։
Ներածականին մէջ կը կարդանք. ''Յիսուս Քրիստոսի հետեւելու կանչը ուղղուած է բոլորին եւ մասնաւորապէս Միջին Արեւելքի նոր սերունդին եւ բոլոր անոնց որոնք հալածուած են ու զոհ բազմապիսի անարդարութիւններուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.