2013-03-27 13:22:28

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Առաջին Հրապարակային Ունկնդրութիւնը։


Չորեքշաբթի 27 մարտի առաւօտեան ժամը 10,30-ին Սուրբ Պետրոսի Հրապարակի վրայ, հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ, ֆրանչիսիկոս Սրբազան Քահանայապետը կատարեց իր Քահանայապետութեան առաջին հրապարակային ունկնդրութիւնը որուն ընթացքին ներկաներուն արտասանած իր ճառին մէջ ըսաւ`

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, բարի լոյս
ուրախ եմ ձեզ ընդունելու այս առաջին հրապարակային ունկնդրութեանս առթիւ։
Մեծ երախտագիտութեամբ եւ երկիւղով իմ սիրելի նախորդիս` Պենետիկտոս ԺԶ-ի ձեռքերէն կը ստանցնեմ ''ժառանգութիւնը''։Սուրբ Զատիկէն ետք կը վերսկսինք Հաւատոյ Տարուայ մասին խորհրդածութիւնները։ Մինչ այսօր կ՛ուզեմ խօսիլ ''Աւագ Շաբթուայ'' մասին։

Ծաղկազարդի կիրակիով սկիզբ առաւ աւագ շաբաթը որ ծիսական տարւոյն կեդրոնն է եւ որուն ընթացքին կ՛ընկերանաք Յիսուսին, անոր չարչարանքի, մահուան եւ Յարութեան ընթացքին - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը - ու ապա մեկնաբանեց աւագ շաբթուայ ապրումի եւ Յիսուսի հետեւելու իմաստը։

Իր երկրային կեանքի ընթացքին Յիսուս կանչեց 12-ը պարզ մարդիկ որ իր հետ մնան եւ բաժնեկցին իր ուղեւորութիւնը ու շարունակեն իր առաքելութիւնը։ Յիսուս խօսեցաւ բոլորին` անխտիր. Բերաւ Աստուծոյ ողորմութիւնն ու ներողութիւնը։ Բժշկեց, մխիթարեց, հասկցաւ եւ յոյս ներշնչեց։Աստուած չի սպասեց որ մենք իրեն երթանք այլ Ինք եկաւ մեզի։Յիսուս ապրեցաւ մարդկային կեանքի իրողութիւնն ու առօրեան։ Ան բնակարան չ՛ուներ որովհետեւ Անոր տունը մարդիկն են ու անոր առաքելութիւնը Աստուծոյ դռները բոլորին առջեւ բանալն էր եւ հադիսանալ Աստուծոյ սիրոյն ներկայութիւնը։

Սուրբ շաբաթուայ ընթացքին մենք կ՛ապրինք այս ճանապարհորդութեան գագաթնակէտը. սիրոյ այն ծրագիրին որ Աստուծոյ եւ մարդկութեան կապերու պատմութիւնը կը յատկանշէ։
Յիսուս երուսաղէմ կը մտնէ իրագործելու վերջին քայլը։ Ամբողջովին իքնզինք կը նուիրէ եւ իքնիրեն ոչ մի բան չի վերապահեր, ոչ իսկ կեանքը։ Վերջին ընթրիքի պահուն, Աստուծոյ որդին մեզի կը յանձնէ իր մարմինն ու արիւնը որպէսզի մեր մէջ ապրի ու մեզի հետ մնայ ցմիշտ։

Յիսուս հակառակ մարդկային տկարութեան ու տառապանքին, գիտակցաբար կը յանձնուի մահուան, համապատասխանելու համար Հօր Աստուծոյ սիրոյն ու մեզի յայտնելու իր անհուն սէրը։
Ի՞նչ կը նշանակէ այս բոլորը հարց տուաւ Սրբազան Հայրը ու պատասխանեց. ''Կը նշանակէ թէ այս է նաեւ իմ, ձեր ու մեր ճանապարհը։ Կը նշանակէ մենք մեզմէ դուրս ելլելու ենք եւ ընդառաջ երթալու ենք ուրիշներուն, հեռուները ապրողներուն, մոռցուածներուն եւ անոնց որոնք հասկացողութեան կարիքն ունին, եւ ունին կարիքը մխիթարանքի եւ օգնութեան։

Աւագ շաբաթը ապրիլ կը նշանակէ Աստուծոյ տրամաբանութեան մէջ մտնել, խաչի տրամաբանութիւնը ընդգրկել, որ չի նշանակեր մահ եւ տառապանք այլ սէր եւ անձնուիրում` մինչեւ կեանքի զոհաբերում։ Կը նշանակէ հետեւիլ աւետարանին։ Հետեւիլ եւ ընկերանալ Քրիստոսի, ու մնալ անոր հետ։

Յաճախ կը գոհանանք մի քանի աղօթքներով կամ կիրակնօրեայ սուրբ պատարագով եւ կամ ողորմութեան մէկ ժէսդով, սակայն քաջութիւնը չ՛ունինք մենք մեզմէ դուրս ելլելու` Քրիստոսը տանելու այլուր։ Կը նմանինք Սուրբ Պետրոսին, հազիւ Յիսուս կը խօսի չարաչարանքի եւ տառապանքի մասին, անձնուիրումի մասին, եւ բոլորին հանդէպ սիրոյ մասին, զինք կը հանդիմանենք։ Յիսուս Պետրոսին կ՛ըսէ ''հեռացիր ինձմէ սատանայ, որովհետեւ ըմբռնումդ աստուածային չէ այլ մարդկային է''։ Աստոած որղորմութեամբ կը մտածէ։ Կը մտածէ այն հօր նման որ իր զաւկին վերադարձը կը սպասէ։ Անոր ընդառաջ կ՛երթայ երբ կը նշմարէ թէ հեռուէն կու գայ։ Աստուած կը մտածէ բարի սամարացիի նման որ կ՛օգնէ կողոպտուած մարդուն առանց բան մը սպասելու անկէ։ Աստուած կը մտածէ այն բարի հովիւի նման որ իր կեանքը կու տայ ոչխարներուն համար։

Սուրբ Շաբաթը շնորհքի շրջան մըն է որ Տէրը մեզի կը պարգեւէ որպէսզի մեր սրտերուն դռները բանանք, մեր կեանքի դռները, մեր ժողովրդապետութիւներու, մեր կազմակերպութիւններու, մեր ընկերակցութիւններու դռները եւ մենք մեզմէ ելլելով երթանք ուրիշներուն ու անոնց տանինք մեր հաւատքի լոյսն ու ուրախութիւնը։ Այն գիտակցութեամբ թէ Աստուած է որ կ՛առաջնորդէ եւ պտղաբեր կը դարձնէ մեր ներգործութիւնները։
RealAudioMP3







All the contents on this site are copyrighted ©.