2013-03-27 09:04:52

Սրբոյ Կուսին Աւետման Տօնը Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Մէջ։


Պէյրութ
Աւետման տօնին առթիւ, կիրակի, 25 մարտ 2012-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, Աշրաֆիէի «Սրբոյ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ մէջ, Ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը հանդիսաւոր սուրբ Պատարագ մատոյց առընթերակայութեամբ հայր Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեանի եւ հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեանի։ Սուրբ Պատարագին մասնակցեցաւ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան, ներկայութեամբ՝ ժողովրդապետութեան խորհուրդի ներկայացուցիչներուն, սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ սկաուտախումբին, Աշրաֆիէի ՀԿՄ Պատանեկան խումբին, Սուրբ Խաչի պատանեկանի ներկայացուցիչներուն եւ շեփորախումբին, եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան եւ մեծ թիւով հաւատացեալներու: Սուրբ Պատարագին երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ «Կիլիկիա» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ հայր Ղազար վրդ. Պետրոսեանի:
Յընթացս սուրբ Պատարագին տուած պատգամին մէջ, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ըսաւ. «Աւետման դէպքը կը նոյնանայ Յիսուսի մարդեղութեան խորհուրդին հետ: Ամենակալն Աստուած կ΄ընտրէ դեռատի աղջիկ մը, Մարիամ անունով, որպէսզի դառնայ գլխաւոր դերակատարը մարդկութիւնը մեղքի վիհէն դուրս հանելու եւ մեզի նորոգուած կեանք մը շնորհելու համար Յիսուսի մեր փրկչին միջոցաւ»: Ապա փակեց իր պատգամը նշելով. «եթէ փափաքինք Աստուծոյ կամքը միշտ կատարել-նոյնիսկ դժուարութիւններով հանդերձ-ինչպէս մեզի բարի օրինակը տուաւ մեր երկնաւոր Մայրը Մարիամ, եւ եթէ հաւատարիմ ըլլանք մեր այս առաջադրանքներուն, այն ատեն Աստուած մեզ իբր իր զաւակները պիտի նկատէ: Եւ ո՞վ պիտի չուզենայ Ամենակարող, Ամենագէտ եւ Ամենաբարի հայր մը ունենալ Աստուծոյ նման: Միայն իմաստուն մարդիկը ամէն բան կը զոհեն եւ կ΄ընտրեն Աստուծոյ ճամբան, մեզի բարի օրինակ հանդիսանալով: Անոնք կը հասնին երկնքի արքայութեան եւ կը միանան սուրբերուն հետ, գլխաւորութեամբ Սուրբ Աստուածածնին, յաւիտենապէս փառաբանելու համար Աստուած եւ երջանիկ ըլլալու. ամէն»:
Եկեղեցւոյ ժողովրդապետ գերապատիւ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան գոհաբանութեան եւ շնորհակալութեան խօսք մը յայտնեց Ամենակալ Հօր Աստուծոյ, որ մեզի շնորհեց 2013-ի Աւետման տօնը միասին տօնելու պարգեւը. միասին հաւաքուած մեր Եկեղեցւոյ Հօր՝ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ շուրջ: «Ան բոլորին մէկիկ մէկիկ կ'երթայ իմ գնահատական խօսքս եւ կը յանձնեմ բոլորը Աստուածամօր: Ինքը մեր բոլորիս մայրն է, ինչպէս կը կարդաք նաեւ մեր վկայութեամբ մեր ժողովրդապետութեան «Ուխտաւոր» պարբերաթերթին մէջ:
Այսօրուան յատուկ շնորհակալութիւններս եւ շնորհաւորութիւնները բոլորիս կ'երթայ նորօծ քահանայ գերապատիւ հայր Ղազար վարդապետ Պետրոսեանին, որ իր կարճ կեցութեան ընթացքին բարեկամը դարձաւ յատկապէս մեր Կիլիկիա երգչախումբին, եւ պատրաստեց զայն այօրուան հանդիսութեան: Յատուկ շնորհակալութիւն՝ Զմմառու Միաբանութեան Վարչութեան, յատկապէս վանքի մեծաւոր Գերապայծառ հայր Գաբրիէլին՝ Պատրիարքական Փոխանորդին, որուն միջոցաւ նաեւ վարչական հայրերուն, տեսուչ հօր յատկապէս հայր Բարսեղին եւ հայր Մաշտոցին եւ մեր մեծ եւ փոքր նորընծաներուն, իրենց մասնակցութեան համար: Այս պարագային, յատուկ եւ սրտագին մեր բոլորին շնորհաւորութիւնները նաեւ Գերապատիւ Տէր Աւետիք վարդապետ Յովհաննէսեանին, որ կը տօնէ այսօր իր անուանակոչութիւնը: Շնորհակալութիւն ժողովրդապետ հայրերուն եւ բոլոր քահանաներուն իրենց մասնակցութեան համար մեր ուրախութեան:
Յատուկօրէն շնորհակալութիւն կը յայտնեմ մեր եկեղեցւոյ նորոգութիւնները կատարող պրն Աւետիսին Աբրահամեանին: իր ժրաջան աշխատանքով կարողացաւ վերջացնել պատերուն ծեփը, որ դժուարին գործ էր:
Շնորհակալութիւն նուիրատուներուն, որոնց անունը պիտի յայտարարենք յաջորդ «Ուխտաւոր»-ով:
Շնորհակալութիւն նաեւ Քարիդաս Ժէիթաուիին եւ ՀԿՄ պատանեկան Զալքայի շեփորախումբին, որ այսօր խանդավառեց մեր երեկոն»:

Յաւարտ սուրբ Պատարագին, տեղի ունեցաւ Սրբոյ Կուսին Աւետման ժողովրդապետութեան ընթրիքը ՀԿՄ սրահին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.