2013-03-27 15:06:28

Սրբազան Քահանայապետը Կը Մասնակցի Վատիկանի Պաշտօնեաներուն Համար Մատուցուած Սուրբ Պատարագին։


Չորեքշաբթի 27 մարտի առաւօտեան ժամը 7.30 ին Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ Կարտինալ Անճէլօ Գոմասդրի նախագահեց Աւագ Չորեքշաբթի օրուայ աւանդական ս, պատարագը Վատիկանի պաշտօնեաներու մասնակցութեամբ։
Պատարագին աւարտին ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը անակնկալօրէն մուտք գործեց եւ ողջունեց ներկայ գտնուողները։
Բարի լոյս բոլորիդ - ըսաւ Սրբազան Հայրը ու ապա շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց Սուրբ Զոհի մասնկացութեան համար որուն ընթացքին - ըսաւ Ան - ''աղօթեցիք մէկը միւսին համար''։
Շնորհակալ եմ ձեր պարտաճանաչ աշխատանքին Վատիկանէն ներս։ Աշխատանք մը որ յաճախ չի տեսնուիր սակայն յառաջ կ՜ընթանայ։ Խնդրանք մը ունիմ - յարեց Սրբազան Հայրը - աղօթեցէք նաեւ ինծի համար որովհետեւ ես ալ մեղարոր եմ։ Եւ կ՛ուզեմ հաւատարիմ ըլլալ մեր Տիրոջ։ Աղօթեցէք ինծի համար - կրկնեց Նորին Սրբութիւնը ու ապա բոլորին շնորհաւորեց Սուրբ Զատիկը իր Առաքելական Օրհնութիւնը ջամբելով ներկաներուն եւ անոնց սիրլելիներուն։










All the contents on this site are copyrighted ©.