2013-03-27 08:51:59

Ծաղկազարդի Տօնը Զմմառու Վանքին Մէջ


Կիրակի 24 Մարտ 2013-ին, Ծաղկազարդի տօնին՝ Զմմառու վանքի եկեղեցին, զարդարուած էր ձիթենիի և արմաւենիի ճիւղերով ի յիշատակ Յիսուսի փառաւոր մուտքին Երուսաղէմ: Աստուածաշուչի մէջ բազմաթիւ է տօնական օրերու առիթով ձիթենիի և արմաւենիի ճիւղերու գործածութիւնը: «Ծաղկազարդ» ծագումնաբանօրէն հայոց հեթանոսական շրջանի՝ գարնան նուիրուած տօնի մը անունն էր: Ի դէպ, Ծաղկազարդի նախօրէին կը բացուի եկեղեցւոյ 40 օրերէ ի վեր փակ Ս. Խորանի վարագոյրը: Այս առթիւ, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Փոխանորդ Հ. Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վրդ. Մուրատեան Ձայնաւոր Ս. Պատարագ մատուցեց ի ներկայութեան բազմաթիւ ուխտաւորներու: Ս. Պատարագի աւարտին՝ պատարագիչը օրհնեց ձիթենեաց ոստերը:
Որմէ ետք բոլոր ներկաները գլխաւորութեամբ հոգերորական դասին, թափօր կազմած ուղղուեցան վանքիս հրապարակը, ուր ըստ աւանդութեան անդաստանի արարողութիւն կատարուեցաւ: Իսկ երեկոյեան ժամը 17:00-ին, Ժամասացութեան ատեն, տեղի ունեցաւ Դռնբացէքի հնամենի արարողութիւնը:

Կիրակի 24 մարտ 2013-ին, Հ. Ղազար Վրդ. Պետրոսեանի Քահանայական ձեռնադրութեան ի պատիւ՝ Պետրոսեան ընտանիքի կողմէ, ընթրիք մը սարքուեցաւ Անթիլիասի «Հաւանա» Ճաշարանին մէջ, որուն հրաւիրուած էին Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Փոխանորդ Հ. Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վրդ. Մուրատեան, Վարչական Հայրերը, միաբան վարդապետներ, Հայր Ղազարի հարազատները, եւ նորօծ վարդապետի բարեկամներն ու ծանօթները:
Նշելի են այս ուրախ սեղանին ընթացքին կատարուած բարեմաղթանքներն ու Հ. Ղազարի նորընծայական կեանքի և բարեմասնութիւններու մասին տրուած շինիչ վկայութիւնները, հոգեւորականներու և աշխարհականներու կողմէ:








All the contents on this site are copyrighted ©.