2013-03-27 08:55:10

Ինչպէ՞ս կը ճշդուի Զատկուայ տօնին թուականը


Զատիկը , կամ Սուրբ Յարութեան տօնը, շարժական տօն մըն է, որովհետեւ ամէն տարի անոր թուականը կը փոխուի: Ահա կը ներկայացնենք բացատրական մը, թէ ինչպէ՞ս կը ճշդուի անոր թուականը:
Զատիկը կը տօնուէր Հրէական Բաղարջակերաց կամ Պասէքի տօնին հետ: Այս տօնը յիշատակումն էր Հրեաներու Եգիպտոսէն ելքի եւ գերութենէ ազատագրուած ըլլալու կրօնա-ազգային դէպքին: Սակայն Ս. Յարութիւնը տօնելու օրը կը մնար վէճի նիւթ: 325 թուականին, Նիկիոյ տիեզերական ժողովին ընթացքին, որոշում առնուեցաւ Ս. Յարութիւնը տօնել Բաղարջակերաց տօնին յաջորդող Կիրակի օրը: Եւ որովհետեւ Բաղարջակերաց տօնը ինքնին շարժական տօն է ու կապուած կը մնայ գարնանամուտի առաջին լիալուսնին, Զատիկը ինքն ալ կը մնայ շարժական տօն:
Այսպէս ուրեմն, ամէն տարի, Մարտ 21-էն վերջ, երբ լուսինը իր լրումին կը հասնի, անմիջապէս այդ լրումը յաջորդող Կիրակին կը նկատուի Ս. Յարութեան Կիրակի: Եւ, որովհետեւ լուսնային շրջանները կանխապէս հաշուելի են, Ս. Յարութեան տօնին թուականն ալ կանխապէս հաշուելի է: Ահա, թուաբանութիւնը սիրող անձերուն համար հաշուական բանաձեւ մը, որուն միջոցաւ կարելի է կռահել գալիք տարիներուն Ս. Զատկուան թուականը:
Ս. Յարութեան տօնը կրնայ հանդիպիլ Մարտ 22-էն Ապրիլ 25 ներառեալ:








All the contents on this site are copyrighted ©.