2013-03-26 14:19:51

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Աւագ Շաբթուայ Ընթացքին Գլխաւորած Արարողութիւնները։


Աւագ շաբաթուայ ընթացքին, Նորին Սրբութիւնը կը նախագահէ կարգ մը արարողութիւններ որոնցմէ առաջինը տեղի կ՛ունենայ հինգշաբթի 28 մարտի առաւօտեան` աւագ հինգշաբթի օրը, ''Սուրբ Հաղորդութեան հաստատումի'' սուրբ պատարագով, Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ, մասնակցութեամբ կարտինալական դասին, եպիսկոպոսներուն եւ քահանաներուն որոնք Հռոմ կը գտնուին։ Պատարագի ընթացքին տեղի կ՛ունենայ նաեւ Սուրբ Իւղերու օրհնութիւնը (մկրտութեան, դրոշմի եւ հիւանդաց)։

Ուրբաթ 29 մարտ։ Աւագ Ուրբաթ է։ Այս օրը նուիրուած է Աստուածային Վարդապետի չարչարանքներու յիշատակութեան։
ֆրանչիկոս Սրբազան Քահանայապետը, յետ միջօրէի ժամը 5-ին՝ Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ, պիտի գլխաւորէ Տիրոջ Չարչարանաց արարողութիւնը։ Արարողութեան ընթացքին տեղի կ՛ունենայ խաչի երկիրպագութեան կարգը ու ապա Նորին Սրբութիւնը կարտինալական դասին կը բաշխէ սուրբ հաղորդութիւնը։

Իսկ երեկոյեան՝ ժամը 21.15ին (միշտ Իտալիոյ ժամով) Սրբազան Հայրը պիտի կատարէ Ճանապարհ Խաչի բարեպաշտական աղօթքի արարողութիւնը, որ ամէն տարի տեղի կ՝ունենայ Հռոմի երկհազարամեայ ՝՝Գոլլոսէում՝՝ աշխարհածանօթ ամփիթատրոնին մէջ։ Այս տարուայ ՜՜Ճանապարհ խաչի՝՝ ի արարողութեան խորհդածութիւնները պատրաստած են Լիբանանցի երիտասարդներ։

Շաբաթ 30 մարտ` Աւագ Շաբաթ է։ Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ Շաբաթ օրը յետ միջօրէի ժամը 8,30- ին տեղի կ՛ունենայ Նորին Սրբութեան գլխաւորութեամբ՝ Սուրբ Գիշերուայ Զատկական Հսկումը։ Արարողութիւնը սկիզբ կ՛առնէ Սուրբ Պետրոսի գաւիթէն ուր կ՛օրհնուի կրակը եւ կը վառուի Զատկուայ կանթեղը։ Ապա Սրբազան Քահանայապետը կը մատակարարէ մկրտութեան, դրոշմի եւ առաջին հաղորդութեան խորհուրդները։

Իսկ Կիրակի 31 մարտը Զատիկի կիրակին է այսինքն մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի փառաւոր Յարութեան յիշատակութիւնը։
Առաւօտեան ժամը 10.15ին ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կը պատարագէ Սուրբ Պետրոսի Հրապարակին վրայ, եւ որու աւարտին (կէսօրին) Սուրբ Պետրոսի կեդրոնական պատշգամէն, համայն աշխարհին պիտի ուղղէ ՝՝Urbi et 0rbi՝՝ առաքելական օրհնութիւնը որ կը նշանակէ Հռոմ քաղաքին ու Համայն Աշխարհին օրհնութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.