2013-03-26 14:15:56

Կիպրոսի Եպիսկոպոսապետը Կը Խնդրէ Կղզիի ֆինանսական Տագնապի Պատասխանատու Քաղաքագէտներու Դատաւարութիւնը։


Կիպրոսի եպիսկոպոսապետ Քրիսոստոմոս դատի կ'ուզէ կանչել Կղզիի ֆինանսական տագնապի պատասխանատու քաղաքագէտները։ Ան մամուլի հետ ունեցած ելոյթով յայտնեց որ յառաջիկայ հինգշաբթի օրը մտադիր է Մոսկուա երթալ համոզելու ռուս դրամատէրերը չքաշելու իրենց դրամը Կիպրոսի դրամատուներէն։ Նախապէս եպիսկոպոսապետը խստիւ դատապարտած է Եւրոպակամ միութեան քաղաքականութիւնը հանդէպ Կղզիի եւ խնդրած է որ Կիպրոս դուրս գայ եւրոյի շրջագիծէն։ Յայտնենք որ եպիսկոպոսապետ Քրիսոստոմոս եկեղեցւոյ բոլոր հարստութիւնը տրամադրած է փրկելու համար Կիպրոսը սնանկութենէն։ Կիպրացիներուն 98 տոկոսը օրթոտոքս են եւ անոր խօսքը շատ յարգուած է։ Քաղաքական գետնի վրայ նախագահները կանոնաւորապէս անոր հետ կը խորհրդակցին ընկերային հարցերու մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.