2013-03-25 13:50:26

Ֆրանսական Զօրախումբի Զինուորներու Եւ Զմմառու Զօրանոցի Զինուորական Ներկայացուցիչներու Այցը Զմմառու Վանք։


Շաբաթ 23 Մարտի յետմիջօրէին. Զմմառու Վանք այցելեցին Ֆրանսական զօրախումբի 200 սպաներ և զինուորներ, ընկերակցութեամբ Զմմառու զօրանոցի զինուորական ներկայացուցիչներու: Հիւրերը այցելեցին վանքին եկեղեցին, թանգարանը, մատուռը և գինեմառանը: Հ. Եղիա Վրդ. Դերձակեան հակիրճ կերպով ներկայացուց անոնց, վանքին պատմականը և խօսեցաւ Զմմառու Տիրամօր հրաշագործութեան մասին:
Նոյն օրը առաւօտեան ժամը 11 Զմմառու վանք այցելեց Երեւանի Ազգային Գրադարանի Տնօրէն Տիար Տիգրան Զարգարեան, ընկերակցութեամբ Պէյրութի Հայկազեան Համալսարանի դասախօսներու, գրադարանի պատասխանատուներու և Լիբանանահայ մամուլի ներկայացուցիչներու: Ան խօսեցաւ Հայաստանի մէջ գրադարաններու թուայնացման ուղղութեամբ տարուած աշխատանքներուն ներկայ վիճակին և անոնց հեռանկարներուն մասին, որոնք առիթ կու տան մեզի համացանցի վրայ հայերէն գիրքեր գտնելու, բանալու և կարդալու, ինչպէս նաեւ՝ փոխադրելու թուայնացած գիրքերը սեփական հակարգիչին մէջ: Ան ցաւօք անդրադարձաւ հայկական գրադարաններու անմխիթար ընդհանուր կացութեան վրայ: Սակայն պնդեց թէ այսօր անհրաժեշտ է թուայնացնել հայկական գրադարանները, որովհետեւ օտարները արդէն մեզմէ շատ առաջ գացած են, իսկ գալիք հայ սերունդները այլեւս գրադարան պիտի չմտնեն:
Երեւանի Ազգային Գրադարանը յաղթահարած է այս մէկը և ձեռնարկած է Հայ գրքի համահայկական շտեմարան ստեղծելու գործին, որ կարելի պիտի դարձնէ գիտնալու թէ աշխարհի վրայ որքան հայերէն գիրք կայ: Իսկ նման մեծղի ծրագիր մը կրնայ իրականանալ բոլոր հայկական գրադարաններու գործակցութեամբ:
Ապա հիւրերը հերթաբար այցելեցին վանքին թանգարանը, մատենադարանը, ուր Պրն. Զարգարեան յատկապէս հետաքրքրուեցաւ Զմմառու Վանքի հնատիպ մատեաններու հաւաքածոյով և օգտաշատ տեղեկութիւններ տուաւ զանոնք լաւագոյնս պահպանելու: Կէսօրին՝ անոնք ճաշին հիւրերն եղան վանքին որու աւարտին՝ այցելեցին վանքին գինեմառանը:










All the contents on this site are copyrighted ©.