2013-03-25 13:51:26

Արեւելքի Կաթողիկէ Պատրիարքներու Հրաւէրը Արաբական Աշխարհի Հաւատացեալներուն Վերապրելու Յարութեան Խորհուրդը։


Արեւելքի կաթողիկէ պատրիարքները 18 մարտին Հռոմի մէջ ժողով մը գումարեցին, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը, մարոնի , յոյն ուղղափառ , ասորի կաթողիկէ , Աղեքսադրիոյ կաթողիկէ ղպտի եւ գաղտէացի պատրիարքներու կողքին։ Ժողովին հաղորդագրութեան մէջ, հայրապետները շնորհաւորեցին նորընտիր ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը եւ յայտնեցին իրենց զօրակցութիւնը Եկեղեցւոյ նոր առաջնորդին, իր սրբազան առաքելութեան մէջ։ Ժողովական հայրերը քննարկեցին Արեւելքի տագնապալի իրավիճակը եւ կոչ ուղղեցին երկխօսութեան ու հաշտութեան, որպէս միակ ուղին՝ խաղաղ եւ առողջ լուծումներ գտնելու համար, մանաւանդ Սուրիոյ հիմնախնդիրի պարագային։ Աւարտին, անոնք հրաւիրեցին արաբական աշխարհի բոլոր հաւատացեալները վերապրելու Յարութեան խորհուրդը, որպէսզի խաղաղութիւն եւ համերաշխութիւն տիրէ Արեւելքի իսլամ եւ քրիստոնեայ եղբայրակիցներուն միջեւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.