2013-03-23 11:25:00

Եգիպտոսի Ալ Ազհար Համալսարանը Իր Շնորհաւորութիւնները Կ'ուղղէ ֆրանչիսկոս Քահանայապետին։


Եգիպտոսի Ալ Ազհար համալսարանը` Իսլամ սիւննի աշխարհի մեծագոյն հեղինակութիւնը, շնորհաւորագիր մը ուղղած է ֆրանչիսկոս Քահանայապետին յուսալով որ կաթողիկէ աշխարհը դրական նոր դարաշրջան մը բանայ աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն հետ։ Շնորհաւորագիրին մէջ կրօնապետ Ահմէտ ալ Թայէպ կը շնորհաւորէ նաեւ Արեւելքի ու Արեւմուտքի կաթողիկէ բոլոր եղբայրները։ Եգիպտոսի մշակոյթի նախարար Մոհամէտ Սապեր Արաբ, որ կը ներկայացնէր Եգիպտոսը, ֆրանչիսկոս Քահանայապետի գահակալութեան պատարագին, բաղձանք յայտնեց որ նոր էջ մը բացուի Վատիկանի եւ Ալ Ազհահրի յարաբերութիւններու միջեւ։
Յայտնենք որ ֆրանչիսկոս Պապին ընտրութիւնը մեծ խանդավառութիւն ու յոյս յարոյց Ափրիկէի մէջ` ներկայ Քահանայապետը ափրիկէցիներուն համար կը մարմնացնէ պարզութիւնը։ Անոր ընտրութիւնը ողջունուեցաւ որպէս Հարաւէն եկած հով մը։ Ան թէեւ ափրիկեան ցամաքամասէն չի գար սակայն ափրիկէցիները կը խնդակցին որ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Հովիւը առաջին անգամուան համար կու գայ հարաւային մէկ երկրէ մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.