2013-03-23 12:51:22

«Հայոց Ցեղասպանութիւնը. Մարտահրաւէրներ Հարիւրամեակի Նախաշեմին» Խորագիրով Գիտաժողով Երեւանի Մէջ .


Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին նուիրուած նախաձեռնութիւնները համակարգող պետական յանձնաժողովը 22-23 Մարտին Երեւանի մէջ կը կազմակերպէ «Հայոց Ցեղասպանութիւն. մարտահրաւէրներ հարիւրամեակի նախաշեմին» խորագիրով միջազգային գիտաժողովը:
Գիտաժողովին կը մասնակցին համաշխարհային հեղինակութիւն վայելող գիտնականներ, ցեղասպանագէտներ՝ փրոֆ. Իսրայէլ Չարնին, Եայիր Աուրօն՝ Իսրայէլէն, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի խմբագիր Յարութ Սասունեանը, դոկտոր Ռիչըրտ Յովհաննէսեանը՝ Քալիֆորնիոյ Համալսարանէն, յայտնի ցեղասպանագէտ Վահագն Տատրեանը՝ Նիւ Եորքէն, գիտնականներ եւրոպական երկիրներէ, ինչպէս նաեւ մասնագէտներ Հայաստանէն:

Այս գիտաժողովին նպատակն է Մեծ Եղեռնի հարիւրամեակի նախօրէին քննարկումներու սկսիլ եւ եզրակացութիւններ տալ երեք հիմնական ուղղութիւններով տարուող աշխատանքներուն: Անոնք են՝
ա. Հայոց Ցեղասպանութեան գիտական ուսումնասիրութեան եւ թանգարանային ցուցադրութիւններու կազմակերպման հետագայ հեռանկարներն ու ուղղութիւնները,
բ. Ժխտողականութեան դէմ արդիւնաւէտ պայքար մղելու աշխատելաոճերն ու հրամայականները,
գ. Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու եւ վերապրողներու իրաւայաջորդներուն փոխհատուցման ու անոր կապուած խնդիրներու իրաւական հիմնաւորումներու քննարկումը:
Գիտաժողովը կարեւոր հանգրուան պիտի ըլլայ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով շահեկան գիտական քննարկումներու կատարելու եւ ուղղութիւններ ճշդելու իմաստով, անոր ընթացքին պիտի ձեւակերպուին յստակ եզրակացութիւններ ու առաջարկներ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան տակաւին չուսումնասիրուած կամ նուազ ուսումնասիրուած ոլորտներու ուղղութեամբ գիտական աշխատանքներու իրականացման ու անոնց աջակցութիւն ցուցաբերելու համար:

Այս գիտաժողովը նաեւ առիթ պիտի ըլլայ հանգամանօրէն քննարկելու թրքական Ժխտողականութեան դէմ առաւել արդիւնաւէտ հակազդեցութեան գործընթացները, ու աշխատելաոճեր մշակելու։








All the contents on this site are copyrighted ©.