2013-03-23 11:26:58

2013՝ Հայ Մօր Տարի


Հռչակուած Արամ Ա. կաթողիկոսի կողմէ։
Հայ մայրը այսօր նոր մարտահրաւէրներու դիմաց։
Բառերը մարդկային, որքան ալ զօրեղ ու գեղեցիկ ըլլան, անզօր են արտայայտելու հայ մարդու սրտին ընդերքէն ժայթքող ջինջ զգացումները, անհուն սէրն ու խոր երախտագիտութիւնը իր գոյաւորման աղբիւրը ու գոյատեւման ամրոցը դարձած՝ ՜՜ՀԱՅ ՄՕՐ՝՝ նկատմամբ:
Արդարեւ, զուր չէ, որ մեր իմաստուն ժողովուրդը իր ամենէն նուիրական սրբութիւններուն տուած է մայր մակդիրը՝ զանոնք կոչելով ՞՞Մայր Եկեղեցի, Մայր Հայաստան, Մայր լեզու...՜՜:
Հայ մայրը հոմանիշ է յաւիտենական արժէքներու ու երկնատուր արժանիքներու, գերագոյն իտէալներու ու նուիրական ձգտումներու, վեհ առաքինութիւններու ու ամուր սկզբունքներու:
Հայ մայրը պատուանդանն է մեր գոյութեան, աղբիւրը մեր զօրութեան, միջնաբերդը մեր ինքնութեան, ներշնչարանը մեր պայքարին:
Արդ, առանց հայ մօր ճառագայթող ներկայութեան երա՜շտ է մեր կեանքը:
Առանց հայ մօր մարդակերտումի ու հայակերտումի առաքելութեան անգո՜յն է մեր կեանքը:
Առանց հայ մօր յանձնառու մասնակցութեան աղքա՜տ է մեր կեանքը:
Հայ մայրո՜վ հայը հայ մնաց՝ պատմութեան ամեհի ալիքներուն դիմաց:
Հայ մայրո՜վ հայը հայ է՝ ներկայ ժամանակներու ինքնութիւն ապականող հոսանքներուն դիմաց:
Հայ մայրո՜վ հայը հա՜յ պիտի մնայ՝ գալիք բոլոր ժամանակներու մարտահրաւէրներուն դիմաց:










All the contents on this site are copyrighted ©.